Սթամպուլի մէջ ցուցադրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թալէաթ փաշայի հեռագիրները

Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հեռագիրներԹուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքին մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հեռագիրներու ցուցահանդէս: Ցեղասպանութիւնը, սակայն, կը ներկայացուի որպէս տեղահանութիւն: Ի դէպ՝ այս թեման լուսաբանող թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի կայքը «տեղահանութիւն» բառը կը ներկայացնէ չակերտեալ, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

«Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Թուրքիոյ կառավարական արխիւին մէջ պահուող հեռագիրները, որոնց միջոցով կը պատմուի մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ ողբերգութիւններէն մէկուն` 1915 թուականի հայերու «տեղահանութեան» մասին: Այս ցուցահանդէսը կը վերհանէ փաստեր այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է 1915-ին, որոնք եղած են գլխաւոր դերակատարները, ինչպիսի պայմաններու մէջ եւ ինչ միջոցներով ի կատար ածուած է: Ցուցահանդէսը բաղկացած է 1915-ի հայոց տեղահանութեան ժամանակ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար (Նազիր) Թալէաթ փաշայի` օսմանեան նահանգապետներուն ուղարկած հրահանգներէն եւ նահանգներէն ստացուած պատասխան հեռագիրներէն»:

Ցուցահանդէսին կարելի է առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստանալ 1915-ի տեղահանութեան հրահանգը տուողներուն, համապատասխան հրամաններուն, ատոնց իրագործողներուն մասին: Ցուղադրուող հեռագիրները ոչ պակաս տեղեկութիւններ կը ներառեն նաեւ տեղահանուած հայերու թողած ունեցուածքի տնօրինման, ինչպէս նաեւ` կառավարութեան հրամաններուն չենթարկուողներուն պատուհասած դժբախտութիւններուն մասին:

Թրքական ընդդիմադիր կայքը կ’ընդգծէ. «Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Անատոլիոյ հայերու անհետ ոչնչացման սկիզբը հանդիսացող «տեղահանութեան» 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Այն նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնել պատմական ճշմարտութիւնը եւ խթանել ընդհանուր յիշողութեան զարգացումը»:

Նշենք, որ հեռագիրներու ցուցահանդէսէն կարելի է նաեւ տեղեկութիւններ ստանալ այն մասին, թէ իւրաքանչիւր նշեալ բնակավայրէ որքան հայ տեղահանուած է 1915թ.: Ցուցահանդէսը բացուած է Դեկտեմբեր 1-ին` Սթամպուլի «DEPO» ցուցասրահին մէջ եւ պիտի գործէ մինչեւ տարուան վերջին օրը:

http://www.yerakouyn.com/?p=95009

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ