Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ

Ֆրանսայի ԽորհրդարանԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ այսօր՝ դեկտեմբեր 3ին, քուէարկութեան կը դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծը:

«Նուվել տ՛Արմէնի»ն կը տեղեկացնէ, թէ նոր օրինագիծի հեղինակը դարձեալ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն է:

Նշենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու վերաբերեալ բանաձեւ մը վաւերացուցած էին, սակայն երկիրի Սահմանադրական ատեանը զայն սահմանադրութեան հակասող բանաձեւ նկատած էր:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ