Հայաստան «Քոչարի» խմբային պարին վերաբերեալ լրացուցիչ մշակման ենթարկուած դիմումը պիտի ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի քննարկման

UNESCOՆամիպիոյ մայրաքաղաք Վինտհուքի մէջ 30 նոյեմբերէն սկսեալ իր աշխատանքը սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի 10-րդ նստաշրջանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ այլ հարցերու կողքին քննարկուած են Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ արձանագրուելու համար ներկայացուած 35 դիմումներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի` «Քոչարի. աւանդական խմբային պար» դիմումը:

Հայրենի պատուիրակութեան ներկայացուցած փաստարկներուն շնորհիւ կոմիտէն վերատեսութեան ենթարկած է փորձագիտական խումբի նախնական որոշումը: Կոմիտէի անդամներու, փորձագէտներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներու միջեւ ծաւալած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` կոմիտէն հաստատած է, որ «Քոչարի» աւանդական խմբային պարը` ըլլալով ազգային ինքնութեան դրսեւորում, տարածուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Հայաստան լրացուցիչ մշակումի ենթարկուած դիմումը պիտի ներկայացնէ կոմիտէի հետագայ քննարկման:

http://www.aztagdaily.com/archives/270436

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ