Ցեղասպանութեան առնչուող Թալէաթի հեռագիրներուն ցուցահանդէսը՝ Պոլսոյ մէջ

TelgrafՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Թոփհանէի «Տեփօ» կոչուած ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի «Անձամբ կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսը, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ օրակարգի պիտի բերէ այս նիւթին շուրջ պատմական ճշմարտութիւններ։

«Պապիլ» ընկերակցութեան կողմէ պատրաստուած սոյն ցուցահանդէսը ի մի պիտի բերէ պաշտօնական փաստաթուղթերէ առնուած տուեալներ Մեծ Եղեռնին մասին, որուն պաշտօնական անունը «տեղահանութիւն» է Թուրքիոյ մէջ։

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն, փաստաթուղթերով պիտի քննարկուի, թէ որո՞նք էին Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարները, եւ թէ ատիկա ինչպիսի՞ միջավայրի մը մէջ, ինչպիսի՞ պայմաններով իրականացած էր։

«Անձամբ կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսին գլխաւոր նիւթերը կը կազմեն այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ օսմանեան նահանգներուն ուղարկուած հեռագիրներն ու փաստաթուղթերը։ Այս հեռագիրները ընտրուած են վարչապետարանի օսմանեան արխիւներէն, որոնց մէկ մասը ներկայիս բաց է հետազօտողներու առջեւ։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի վաղը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ