Ռուս օդաչուին սպաննողներու ղեկավարը թրքական «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան անդամ է

Գորշ ԳայլերԹրքական կործանիչներու կողմէ Քեսապի մօտակայ թիւրքմէն լեռներուն մօտ հրթիռակոծուած ռուսական ռազմօդանաւի ռուս օդաչուն սպաննող թիւրքմէն զինեալներու ղեկավարը ազգութեամբ թուրք Ալփասլան Չէլիքն է։ Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական LiveLeak կայքէջը։

Թուրք քաղաքացի Չէլիք ծնած է Խարբերդ Նահանգին մէջ։ Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Twitter ցանցի մէջ տարածուած լուսանկարներու մէջ Չէլիք իր զինակիցներուն հետ նկարուած է թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան խորհրդանիշ գայլակերպ ձեռքի նշանով։

Ռուսական օդաչուի սպանութիւնը հաղորդող Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Չթլիք կը հաստատէ, որ ինք եւ իր զինակիցները սպաննած են ռուս օդաչու գնդապետ Օլէկ Փէշքովը։

«Գորշ Գայլեր» կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ 1970-ական եւ 1990-ական թուականներուն բազմաթիւ քիւրտ եւ ալեւի քաղաքական գործիչներ ահաբեկած է։

LiveLeak Կայքէջը կը հաստատէ, որ Լաթաքիոյ եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ գործող թիւրքմէն զինեալ խմբաւորումներուն մէջ ընդգրկուած են «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան զինեալներ։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/77197

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ