Թուրքիոյ նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ պահպանուած են Հայաստանի նկատմամբ հին մօտեցումները

IstanbulԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ յայտարարուած 64-րդ կառավարութեան ծրագիրը որեւէ փոփոխութիւն չի բովանդակեր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ թրքական կողմի մօտեցումներուն մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ կառավարութեան նոր ծրագիրին մէջ ներկայացուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման այն կէտերը, զորս որդեգրած էին Թուրքիոյ նախկին կառավարութիւնները:

Կառավարութեան ծրագիրին մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին կ՛ըսուի. «Յառաջիկային պիտի շարունակուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած մեր քայլերը»: Թուրքիոյ իշխանութիւնները դարձեալ նշած են «արդար յիշողութեան փնտռտուքներուն մէջ պատմութիւնը ուսումնասիրելու» անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, թէ միայն այդ ձեւով կարելի է Կովկասի մէջ հաստատել խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում:

Նոր ծրագիրին մէջ Տաւութօղլուի գլխաւորած կառավարութիւնը չէ մոռցած նաեւ «կրտսեր եղբայր»-ը` Ազրպէյճանը: Մասնաւորաբար ընդգծուած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւման վերջ տալու» եւ «հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը թօթափելու»:

http://www.yerakouyn.com/?p=94490

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ