Թորոնթոյի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնն այս տարի նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

Թորոնթոյի «Նուռ» Ֆիլմի ՓառատօնըՆոյեմբեր 16-22 Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան (Թորոնթօ) կազմակերպմամբ եւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթօ քաղաքին մէջ կայացաւ «Նուռ» ֆիլմերու ամենամեայ միջազգային 10-րդ փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Փառատօնին ներկայ էին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, մեծ թիւով հռչակաւոր բեմադրիչներ եւ դերասաններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, գանատացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, միջազգային լրատուամիջոցներու եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Եգանեան նշեց, որ 10-րդ ֆիլմի փառատօնը առանձնայատուկ է անով, որ այն տեղի կ’ունենայ 2015թ.-ին` համընկնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ մարդոց, որոնք որեւէ ձեւով ներգրաւուած եղած են փառատօնի կազմակերպման գործին, եւ դեսպանութեան անունէն մրցանակ յանձնեց փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին:

«Նուռ» փառատօնի ծիրէն ներս Թորոնթոյի «Regent» թատրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ Ֆաթիհ Աքինի «Սպի» ֆիլմը:

http://horizonweekly.ca/news/details/77053

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ