Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-ամեակը եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900թթ.) ծննդեան 200-ամեակը ընդգրկուած են Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-ի 2016.20.17թթ. օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։
Որոշումը կայացուած է Փարիզի մէջ` UNESCO-¬ի կեդրոնակայանին մէջ, Նոյեմբեր 4-18 տեղի ունեցած Գլխաւոր խորհրդաժողովի 38¬րդ նստաշրջանի ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-ամեակ»-ը յայտը ստաց է Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան աջակցութիւնը, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համատեղ ներկայացուած «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817¬1900թթ.) ծննդեան 200¬ամեակ»ը յայտը` Իտալիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւնը: Այսպիսով, 1998 թուականէն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-¬ի օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած 21 յոբելինական տարեթիւ:
http://www.yerakouyn.com/?p=94362
Leave a Reply