ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- «Prensa Armenia» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արժանթինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թաներ Քարաքաշ (որ նաեւ Փարակուէյի մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է) Փարակուէյի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Վիքթոր Պոկատոյի հետ նոյեմբեր 19ին կայացած հանդիպման ընթացքին քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Փարակուէյի Ծերակոյտին որոշումը (Հոկտեմբեր 29ին), միաժամանակ սպառնալով երկրին հետ առեւտրական կապերը խզել։
Այս հանդիպումէն ետք, Պոկատօ խոստացած է քննել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բանաձեւը վերատեսութեան ենթարկելու կարելիութիւնները։
Նոյեմբեր 24ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, փարակուէյցի քաղաքական գործիչ Ռաֆայէլ Սերա դատապարտած է Անգարայի բանեցուցած ճնշումները՝ միաժամանակ քննադատելով այդ ճնշումներուն տեղի տալու Պոկատոյի դիրքը։
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան եւս դատապարտած է Թուրքիոյ բանեցուցած «վայրագ» ճնշումները, որոնք դարձեալ բացայայտած են Անգարայի իշխանութեանց մենատիրական հակումները։
Asbarez.com
Leave a Reply