ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, նոյեմբեր 23էն սկսեալ, Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Կորսուած թռչուններ» շարժապատկերը կը ցուցադրուի Կլենտէյլի «MGN Five Star Cinema» սրահին մէջ (128 N. Maryland Ave., Glendale, CA 91206):
Արէն Փերտեճիի եւ Էլա Ալիամաքի ֆիլմը պիտի շարունակէ ամէն օր ցուցադրուիլ մինչեւ նոյեմբեր 29, օրական մէկ անգամ՝ երեկոյեան ժամը 8ին: Տոմսի սակը 25 տոլար է։
Asbarez.com
Leave a Reply