Պելճիքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով

Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիաՊելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ նոյեմբեր 24-ին տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած համաժողով, զոր կազմակերպած են Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիան եւ Պրիւքսէլի ազատ համալսարանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին կը փոխանցէ Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիայի պաշտօնական կայքը:

Համաժողովին պիտի ըլլան ակադեմիական առաջնորդներ՝ Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիան ներկայացնող Լապրօ Քուլուպարիթսիսը, Վալերի Անտրէն եւ Այիտա Ղազարեանը: Համաժողովին պիտի մասնակցին Պրիւքսէլի, Ժնեւի, Մոնփելիէյի, Լուվենի եւ Ամսթերտամի համալսարաններու դասախօսներ եւ ակադեմիկոսներ:

«Ցեղասպանութեան դատապարտումը դարձած է մեր ժամանակներու գլխաւոր հարցերէն մէկը: 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան ճանաչումը դեռեւս առկախ է, քանի դեռ Թուրքիան կը հրաժարի ճանչնալէ այդ փաստը` այդպիսով վտանգելով ժողովուրդներու միջեւ նոր յարաբերութիւններու հաստատումը»,- ըսուած է Պելճիքայի թագաւորական ակադեմիայի պաշտօնական կայքին մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=94127

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ