«Թուրքիան պէտք է համակերպի Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան ստեղծման հաւանականութեան» կ՛ըսէ Եըլմազ

Օզթուրք Եըլմազ«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ նախկին հիւպատոս, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Օզթուրք Եըլմազ թրքական «Այ.Էմ.Սի. Թի.Վի.»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է համակերպի Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան ստեղծման հաւանականութեան հետ եւ ատոր համապատասխան քաղաքականութիւն վարէ տարածաշրջանին մէջ:

Մեկնաբանելով Անթալիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք սպասումները` թուրք երեսփոխանը ըսած է. «Ամենայն հաւանականութեամբ Սուրիան պիտի վերածուի դաշնակցային պետութեան, եւ Թուրքիան պէտք է ատոր համապատասխան քաղաքականութիւն զարգացնէ»:
Անդրադառնալով սուրիացի քիւրտերու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայ վիճակին` Եըլմազ ընդգծած է. «Ներկայ պայմաններուն մէջ տարածաշրջանին մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ դաշնակիցն է»:
Ան համոզում յայտնած է, այն մասին, որ մօտիկ ապագային անխուսափելի է նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակութեան եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ բանակցային հոլովոյթը:
«Սուրիան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի վերածուի դաշնակցային պետութեան: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը ձեռք պիտի բերէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական տարածաշրջանին նման ինքնավարութիւն: Կրնայ ըլլալ, որ Սուրիան բաժնուի նաեւ այլ ինքնավարութիւններու», ըսած է Եըլմազ` նշելով, որ Անգարան ստիպուած է համակերպիլ այդ զարգացման հետ եւ համապատասխան քաղաքականութիւն որդեգրել:

http://www.aztagdaily.com/archives/268917

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ