Թուրքիոյ ցամաքային ուժերը կը փափաքին Պաքուի հետ կապերը սերտացնել

Թուրքիոյ Ցամաքային ՈւժերըՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Սալիհ Զեքի Չոլաք, որ պաշտօնական այցով կը գտնուի Պաքու, հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ:

Ըստ թրքական «TRThaber» լրատուամիջոցին՝ կողմերը խօսած են թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի շրջանակներէն ներս այդ կապերու զարգացման վերաբերող հարցերու մասին: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանի ռազմական եւ քաղաքական իրադրութեան:

«Խոր ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մենք պէտք է դասեր քաղենք: Պէտք է միասին ըլլանք, որպէսզի զօրաւոր մնանք», նշած է թուրք զօրավարը՝ փափաք յայտնելով աւելի եւս սերտացնելու երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական կապերը։

Իր կարգին, Հասանով յոյս յայտնած է, որ ՆԱԹՕի ծիրէն ներս թուրք-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութիւնը կ՛ընդարձակուի: Ան նաեւ յոյժ կարեւոր նկատած է յաճախակիօրէն կազմակերպուող թուրք-ատրպէյճանական օդային եւ ցամաքային ուժերու զօրավարժութիւնները:

Ի դէպ, ասիկա Սալիհ Զեքի Չոլաքի առաջին պաշտօնական այցն է Պաքու՝ ցամաքային ուժերու հրամանատար նշանակուելէն ետք։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ