«Մուսա լերան հերոսամարտը» մշտական ցուցադրութիւնը` մուսալեռցիներու մասին նոր նիւթերով

Մուսա Լերան ՀերոսամարտըՆախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Մուսայ լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումը կազմակերպող յոբելեանական յանձնաժողովի անդամներուն հետ նոյեմբեր 14-ին Արմաւիրի մարզին մէջ մասնակցած է Մուսա լեռան հերոսամարտի 100-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ՊՆ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ, մուսալեռցիները փրկած նաւերու նաւապետներուն հարազատները, մարզի բնակիչները եւ բազմաթիւ հիւրեր, կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը:

Նախագահը ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրած է Մուսայ լերան հերոսամարտի 18 նահատակի յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցանած, որմէ ետք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արմաւիրի թեմի առաջնորդին կողմէ կատարուած է «Ի յիշատակ սուրբ նահատակներու» արարողակարգը:

Հերոսամարտի յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանը իր «Մուսա լերան հերոսամարտի եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան» մասնաճիւղի ցուցասրահին մէջ կազմակերպած է «Մուսա լեռան հերոսամարտը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւն` շրջանառութեան մէջ դնելով նոր ուշագրաւ նիւթեր: Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութիւնը ներկայացնող նոր ցուցադրութեան հիմնական նպատակն է` հանրութեան ներկայացնել մուսալեռցիներու հերոսական պայքարը, յաւերժացնել հերոսամարտի ընթացքին զոհուած մուսալեռցիներու յիշատակը եւ սերունդներուն դաստիարակել այդ հերոսներու ոգով:

Հանրապետութեան նախագահը եւ ձեռնարկին մասնակիցները շրջած են թանգարանի` ինքնապաշտպանական մարտերուն նուիրուած ցուցասրահը, ծանօթացած ցուցադրանիւթին, որ ներկայացուած է ձեւաւորման նոր լուծումներով` Մուսա լերան եւ ծովեզերքի եռաչափ անիմացիայով:

Յուշարձանի կամարի տակ տեղադրուած են Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակի յիշատակին նուիրուած «Փառապանծ սուր» տուֆէ յուշակոթողը եւ «Մասունք Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակաց» տապանաքարը:

Մուսա լերան քառասուն օրը դիւցազներգութեան հեղինակ ֆրանց Վերֆելի ծննդեան 125-ամեակի առիթով եւ ի նշան անոր նկատմամբ երախտագիտութեան ու յարգանքի` յուշահամալիրի տարածքին տեղադրուած են նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ Մուսա լերան հերոսներուն փառաբանած աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի եւ չորս հազարէ աւելի մուսալեռցիները փրկած ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի դիմաքանդակները:

Հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ եւ Փարաքար գիւղական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած են շարք մը փողոցներու անուանակոչում Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի, Շառլ-տիրան Թէքէյեանի, Տիգրան Անդրէասեանի եւ Մովսէս Տէր-Գալուստեանի անուններով, իրականացուած են Մուսա լերան յուշահամալիրի հիմնանորոգման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ: Օրուան խորհուրդին ներքոյ յուշահամալիրին մէջ Նոյեմբեր 14-ին կազմակերպուած է նաեւ տօնական համերգ:

Մուսայ լեռան յուշահամալիրին մէջ կայացած ձեռնարկի ժամանակ նախագահը ելոյթ ունեցած է` անդրադառնալով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն:

«Այսօր մենք այստեղ ենք` նշելու Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան 100-ամեայ յոբելեանը: Այն 1915-ի Հայոց պատմութեան հերոսական դրուագներից մէկն է, որտեղ անգնահատելի աւանդ ունեն ֆրանսիացի մեր եղբայրները: 100 տարի է անցել, բայց մեր երախտագիտութեան զգացողութիւնը փոքր-ինչ անգամ չի նուազել:

«Ցաւօք, ճակատագրի հեգնանքով մենք այս գիշեր ականատեսը եղանք Ֆրանսիայի սրտում` Փարիզում, իր մասշտաբներով աննախադէպ ահաբեկչական գործողութիւնների իրականացմանը: Բոլորս խորապէս ցնցուած ենք: Խստագոյնս դատապարտում եմ այդ զարհուրելի ու զազրելի գործողութիւնները, որոնք բազմաթիւ մարդկային անմեղ կեանքեր խլեցին:

«Վերջին տարիներին աշխարհի տարբեր երկրներում այսօրինակ անմարդկային բնոյթի բռնութիւնների աճը լուրջ մտահոգութիւնների տեղիք է տալիս: Վստահ եմ, որ քաղաքակիրթ հանրութեան իւրաքանչիւր անդամ պարտաւոր է միանալ բոլորիս պատուհասած այս չարիքի դէմ պայքարին: Մենք չենք կարող թոյլ տալ, որ բռնութիւնը, ծայրահեղականութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը գերիշխեն: Մենք պարտաւոր ենք համատեղ ջանքերով բացայայտել եւ արմատախիլ անել այն գործօնները, որոնք ծայրահեղականութեան նման սարսափազդու դէպքերի պատճառ են հանդիսանում:

«Այս դժուար պահին Հայաստանը եղբայր Ֆրանսիայի կողքին է եւ պատրաստ է ամենայն աջակցութեան», – ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Մուսալեռաւանի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ըսած է, որ Ֆրանսան մշտապէս եղած է հայ ժողովուրդի կողքին, աջակցած է հայ ժողովուրդին, եւ Մուսա լերան օրերէն սկսած գրկաբաց ընդունած է հայ ժողովուրդին:

Անոր խօսքով, այսօր Հայաստանի ու Ֆրանսայի ներպետական յարաբերութիւնները, ռազմաքաղաքական, ռազմական առումով բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին:

«Ինչ կատարուեց Փարիզի տարբեր վայրերում, պարզապէս դժուար գնահատելի երեւոյթ է: ամբողջ հայ ժողովուրդը ֆրանսիացիների կողքին է: Մենք դատապարտում ենք ահաբեկչութիւնը եւ գտնում ենք, որ պէտք է ոչ թէ յուսահատուել, այլ միջազգային հանրութիւնը, առաջադէմ ուժերը, բոլորս պէտք է համախմբուենք միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարում»,- ըսած է Օհանեան, կը մէջբերէ Panorama.am-ը:

http://www.yerakouyn.com/?p=93564

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ