Հազարաւորներ կը սկսին հեռանալու Սիլվան շրջանէն

Տիգրանակերտի ՍիլվանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Օրերէ ի վեր ծանր տագնապ կ՛ապրի Սիլվան գաւառակը, որուն երեք թաղամասերուն մէջ 10 օրէ ի վեր փողոց ելլելու արգելք հռչակուած է իշխանութիւններուն կողմէ։ 10 օրէ ի վեր տեղացի ժողովուրդը մատնուած է դժնդակ կացութեան. ուտելիքի, ջուրի ու ելեկտրականութեան տագնապ գոյութիւն ունի՝ բանակին եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ բախումներուն կողքին, որոնց հետեւանքով հազարաւորներ սկսած են հեռանալու։

Զինուորական ուժերը ապստամբներուն դէմ գործողութիւններ կը կատարեն՝ օգտագործելով զրահապատ կառքեր ու հրասայլեր։

Կացութիւնը շատ լուրջ է Սիլվանի մէջ, ուրկէ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու կարելիութիւն չկայ, քանի որ չեն գործեր նաեւ հեռախօսային կապերը։ Հրատարակուած կարգ մը լուսանկարներէ կը տեսնուի, որ յիշեալ թաղամասերու բնակարանները ծակծկած են արձակուած հարիւրաւոր փամփուշտներուն հետեւանքով։ Ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց՝ Նոյեմբեր 2էն ի վեր վեց քաղաքայիններ, երկու ոստիկաններ եւ երկու զինուորներ սպաննուած են հոն։

Միւս կողմէ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինի ոստիկաններ Նոյեմբեր 11ին խուզարկումներ կատարեցին 140 հասցէներէ ներս։ Անոնց մասնակցեցան 5000 ոստիկաններ, իսկ խուզարկումներէն մէկուն ընթացքին պատահեցան բախումներ եւ սպաննուեցաւ քաղաքացի մը։ Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Թուրքիոյ 13 նահանգներու մէջ 251 անձեր հսկողութեան տակ առնուած են։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ