«Արեւմտեան Հայաստանը՝ Տիլտիլեաններուն եւ Գէորգ Ճերճեանի լուսանկարչական մեքենայով» ցուցահանդէսը ՀՑԹՀի մէջ

ՏիլտիլեաններԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, նոյեմբեր 12ին պիտի բացուի «Արեւմտեան Հայաստանը՝ Տիլտիլեաններու եւ Գէորգ Ճերճեանի լուսանկարչական մեքենայով» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսը:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Տիլտիլեան ընտանիքի լուսանկարիչները անցեալ դարուն պատկերած են առօրեայ կեանքն ու բազմաթիւ ընտանեկան լուսանկարներ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ տարբեր բնակավայրերու մէջ՝ Տրապիզոնէն մինչեւ Քոնիա: Տիլտիլեան ընտանիքին պատկանող քանի մը սերունդ զբաղած է լուսանկարչական գործով, հիմնած է արուեստանոցներ Մարզուանի եւ Սամսունի մէջ: Ցոլակ ու Արամ Տիլտիլեանները դարձած են Մարզուանի քաղաքային կեանքը վաւերագրող իւրայատուկ «պատմաբաններ»: Տիլտիլեան եղբայրներուն կողմէ կատարուած բազմաթիւ լուսանկարներ յայտնուած են Սամսունը պատկերող նամականշային բացիկներու վրայ: Այդ ժամանակ, անոնք լուսանկարած են շարք մը յայտնի մարդիկ, ինչպէս՝ Մուսթաֆա Քեմալը:
Տիլտիլեան եղբայրները ճանչցուած լուսանկարիչներ էին Սեբաստիոյ եւ Մարզուանի մէջ. այդ ժամանակ, Պոլիսէն եւ Զմիւռնիայէն բացի, այլ քաղաքներու մէջ գրեթէ չկային լուսանկարչական արհեստանոցներ: Անոնք շրջելով տարբեր հայաշատ բնակավայրեր՝ արհեստանոցներու մէջ առնուած լուսանկարներու կողքին լուսանկարած են նաեւ մարդոց առօրեան, ձեռնարկներ, գիւղական եւ քաղաքային համայնապատկերներ ու բնապատկերներ: Տիլտիլեաններու լուսանկարչական հաւաքածոն կը ներառէ աւելի քան 600 լուսանկար՝ առնուած 1880ականներէն մինչեւ 1923 ժամանակաշրջանին: Լուսանկարներէն իւրայատուկ շարք մը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափելի դրուագներն ու անոնց հետեւանքները պարունակող լուսանկարներ:
Գրիգոր Ճերճեան կարնեցի հայ բժիշկ մըն էր: 1912-1913 թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ շրջագայելու ընթացքին, ան իր լուսանկարչական սարքով առած է Արաբկիրի, Կարինի Սանասարեան վարժարանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի տեսարաններու շուրջ 240 լուսանկար, որոնցմէ պահպանուած է միայն 100ը: Ճերճեանի լուսանկարչական հաւաքածոն կը ներառէ ազգագրական եւ վաւերագրական արժէք ունեցող ընտանեկան խմբանկարներ, դիմանկարներ, բնանկարներ ու քաղաքային պատկերներ:
2014ին, Գրիգոր Ճերճեանի թոռը՝ Ճորճ Ճերճեան, իր մեծ հօր հաւաքածոն՝ այլ արժէքաւոր փաստաթուղթերու հետ միասին, նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Նշեալ Ցուցադրութեան բացումին ներկայ պիտի ըլլայ Քընեթիքեթի համալսարանի դասախօս Արմէն Մարսուբեան: Փրոֆ. Մարսուբեան Ցոլակ Տիլտիլեանի թոռն է. անոր քով կը պահուին Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեաններու հարուստ արխիւն ու լուսանկարչական հաւաքածոն, անոնց յուշերը, հայերէն եւ անգլերէն թղթակցութիւնները, ձայնագրութիւնները եւ ընտանիքի անդամներուն պատկանող բազմաթիւ լուսանկարներ:
Ցուցադրութեան բացման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ փրոֆ. Արմէն Ճերճեան՝ Նիւ Եորքէն, եւ Գրիգոր Ճերճեանի թոռը՝ Ճորճ Ճերճեան՝ Լոնտոնէն:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ