Փոփոխութիւն չկայ. ՀԷ-ՏԷ-ՓԷ պիտի շարունակէ ընթանալ նոյն համանախագահներու առաջնորդութեամբ
Մինչ Ճէ-Հէ-Փէ եւ Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւններէն ներս Քըլըճտարօղլուի ու Տէվլէթ Պահչէլիի դէմ դժգոհութեան ալիքներ երեւիլ սկսան 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններու մէջ արձանագրուած անյաջողութեան կապակցութեամբ, Հէ-Տէ-Փէ իր ճամբան պիտի շարունակէ համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշի ու Ֆիկէն Եիւքսէքտաղի առաջնորդութեան ներքեւ։ Կուսակցութեան բանբեր Այհան Պիլկէն երէկ յայտարարեց որ 7 Նոյեմբերին կայացած ժողովի ընթացքին քննարկուեցան 1 Նոյեմբերի ընտրութեան արդիւնքները եւ վարչական մարմինը որոշեց որ փոփոխութիւն չըլլայ համանախագահներու կազմին մէջ։ Կուսակցութիւնը իր մեծ համաժողովը պիտի կայացնէ 17 Յունուար 2016 թուականին։
Ուրուկուայի նախկին նախագահ Խոզէ Մուխիքայի Թուրքիա այցելութեան դէմ դժգոհութեան ձայներ
Դիտել տրուեցաւ որ «աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը» հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է առաջին օրէն
Թուրք մամուլը վերջին օրերու ընթացքին մեծ հիացումով ու գնահատանքով խօսեցաւ Ուրուկուայի նախկին Նախագահ Խոզէ Մուխիքայի մասին, որ Թուրքիա կ՚այցելէր Ճէ-Հէ-Փէի հրաւէրով։ Գրեթէ բոլոր թերթերը այս այցելութեան առթիւ հիացումով կը նշէին որ Մուխիքա աշխարհի ամէնէն խոնարհ ու աղքատ Հանրապետութեան Նախագահն է, թէ կ՚ապրի ամէնէն համեստ պայմաններու մէջ, կը գործածէ սովորական Վոլքսվակէն կառք, պալատ չունի, եւայլն։ Մուխիքա Թուրք մամուլին մէջ ցոյց տրուեցաւ որպէս տիպար ու այլասէր Նախագահ մը, ամէն կողմ կարմիր գորգեր փռուեցան ոտքերուն տակ։
Բայց Թուրքիոյ մէջ կայ ազգայնապաշտ ճակատ մը, որ շատ անհանգիստ եղաւ այս այցելութենէն։ Ազգայնապաշտ մէտիայի կայքէջին վրայ գտնուեցան հրապարակագիրներ որոնք Ճէ-Հէ-Փէն պախարակեցին այս անձը հրաւիրելու ու մեծ պատիւներու արժանացնելու մոլորութեան առիթով։ Անոնք դիտել կուտային որ Մուխիքա իրականութեան մէջ Թուրքերու բարեկամ չէ եւ ան տակաւին վերջերս սիրով ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Կազմակերպիչ Յանձնախումբին հրաւէրը, թէ ան Նախագահն էր երկրի մը որ տակաւին 1965-ին արդէն ընդունած ու ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը։ Մուխիքա իր նախագահութեան ընթացքին շարունակ իր մարդիկը Հայաստան ղրկած է եւ Հայաստանի Նախագահ Սարգսեանն ալ այցելած էր Ուրուկուայ, արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնը։
Պատմաբան Մուրատ Պարտաքճը եւս հրապարակ իջաւ պախարակելու համար բոլոր այն լրագրողներն ու անձերը որոնք Ուրուկուայի այս նախկին Նախագահին համար հիմա կը մեռնին-կը մարին։ Պարտաքճը դիտել կուտայ որ Մուխիքա Հայկական Ցեղասպանութեան Կոմիտէի գործօն անդամներէն մէկն է ու հարց կուտայ թէ ո՞վ այս մարդը Թուրքիա հրաւիրեց։
ՃԷ-ՀԷ-ՓԷ կուսակցութեան շարքերէն ներս խլրտումներ
Նոյեմբերի ընտրութիւններու անակնկալ արդիւնքը խլրտումներ ու անհանգստութիւններ յառաջացուցած է ոչ միայն Մէ-Հէ-Փէէ, այլ նաեւ Ճէ-Հէ-Փէէ ներս։ Այս կուսակցութեան ծանր հրետանիներէն Եալովայի երեսփոխան Մուհարրէմ Ինճէ, իրեն զօրավիգ կանգնող երկու երեսփոխաններու ընկերակցութեամբ Խորհրդարանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը ու նոր արտակարգ համագումար պահանջելով ուզեց որ Ճէ-Հէ-Փէ տեղ բանայ նոր անձնակազմերու։ Կուսակցութիւնը սեղմուած մնացած է 25 տոկոս քուէի ծուղակին մէջ, յառաջդիմութիւն չկայ, պայման է որ վարչական փոփոխութիւն կատարուի, ըսաւ Ինճէ։
Մուհարրէմ Ինճէ հարցուց.
Եթէ վեց անգամ դատ կորսնցուցած էք, եօթներորդ անգամ այլեւս նոյն փաստաբանին պաշտօն կուտա՞ք։ Թուրքիան Ճէ-Հէ-Փէին պէտք ունի, Ճէ-Հէ-Փէն ալ փոփոխութեան մը պէտք ունի։ Այս ընդդիմութիւնը տարիներէ ի վեր չյաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ա-Գէ-Փէն։ Ուրեմն պէտք է ստեղծել նոր ընդդիմութիւն մը։
Ճէ-Հէ-Փէ վերջին վեց ընտրութիւններու ընթացքին միշտ անյաջողութիւն արձանագրեց, ո՞վ հիմա կրնայ պնդել թէ եօթներորդ ընտրութեան ընթացքին կրնանք յաղթանակել։ Ի՞նչ հրաշք պիտի պատահի որ վեց անգամ պարտութեան մատնուած կուսակցութիւն մը այս անգամ պիտի փլցնէ բոլոր պատուարները։ Եթէ ձեր հանրաշարժը վեց անգամ արկած ըրեր է, եօթներորդ անգամ մըն ալ նոյն ընկերութենէն հանրաշարժի տոմսակ կը գնէ՞ք։
Պէտք է շարժման անցնինք, երկիրը, հանրապետութիւնը ձեռքէ երթալու վրայ է։ Մեր առջեւ մեծ փորձանքներ կան։ Այս մութ միջավայրին մէջ մէկ յոյս միայն կայ, այդ ալ Ճէ-Հէ-Փէն է։
Մուհարրէմ Ինճէ, որ այս կերպով ապստամբութեան դրօշ պարզեց, որքա՞ն պիտի յաջողի Քըլըճտարօղլուին դիրքը ցնցելու իր նախաձեռնութեան մէջ։
Տատեան վարժարանի նորակառոյց շէնքի պաշտօնական բացումը
Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդեցինք, վերամուտէն ասդին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աշակերտները ուրախութիւնը կ՚ապրին վարժարանի նորակառոյց շէնքին մէջ շարունակելու իրենց ուսումը։ Շէնքին բացման համար պաշտօնական հանդիսութիւն ցարդ չէր կատարուած։ Թաղային Խորհուրդը որոշեց 21 Նոյեմբեր Շաբաթ օր ժամը 17.00ին սարքել բացման պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որ պիտի կայանայ նորակառոյց շէնքին հանդիսասրահին մէջ։
Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկին Ալիս Պայրամ ու ու նախկին Տնօրէնուհի Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլու երէկ Խմբագրատուն եկան մեզ հրաւիրելու այս հանդիսութեան։ Ամբողջ համայնքը պիտի բաժնէ Պաքըրգիւղցիներու ու Տատեանցիներու արդար ուրախութիւնը։ Հրաշալի գործ մը իրականացաւ ու այս իրականացումը բնականաբար կատարուեցաւ մեծ թիւով նուիրատուներու ու բարերարներու շնորհիւ։ Թաղային Խորհուրդը չէ մոռցած անոնց նուիրումը ու Շաբաթ օրուան բացման կիզակէտը պիտի ըլլայ բաւական բարձր թիւ մը կազմող նուիրատուներուն ու բարերարներուն մէկմէկ յուշանուէր տալու ու երախտագիտութիւն յայտնելու հանդիսութիւնը։ Այս օրերուն Տատեան վարժարանի ո_չ միայն աշակերտները, այլ նաեւ ուսուցիչներն ու անձնակազմը բազմաթիւ “Առաջին անգամ”ներ կ՚ապրին նորակառոյց շէնքին մէջ, որուն կառուցումը ու կահաւորումը ամբողջութեամբ լրացած է։ Հանդիսասրահը կրնայ ընդունիլ մօտաւորապէս երեք հարիւր հանդիսականներ ու բեմն ալ օժտուած է բազմաթիւ կարելիութիւններով։
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Թաղային Խորհուրդն ու վարժարանի Տնօրէնութիւնը ու կը մաղթենք որ նորակառոյց շէնքը բախտաբեր ըլլայ ո_չ միայն թաղին, այլ ամբողջ համայնքին համար։
Հայկական վարժարաններու աշակերտները այս տարի «Թէօկ»-ի կրօնքի քննութիւններուն ալ պիտի մասնակցին
Նախակրթարանէ դէպի Լիսէ անցնելու քննութիւններու ընթացքին, որոնք ԹԷՕԿ կը կոչուին, այս տարի Հայկական վարժարաններու աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին կրօնքի քննութիւններուն։ Մեր վարժարաններու աշակերտները երկու տարիէ ի վեր զերծ կացուցուած էին կրօնքի քննութիւններու մասնակցելէ, բայց այս պարագան պատճառ դարձած էր որ աշակերտները նիշ կորսնցնեն, ուստի ծնողները գանգատներ ներկայացուցած էին ու պահանջած էին որ իրենց զաւակներն ալ անցնին կրօնքի քննութենէ (Անշուշտ երբ կրօնք կ՚ըսենք, կը հասկնանք մեր Քրիստոնէական կրօնքը)։ Անցեալ տարի հրէից վարժարանի աշակերտները մասնակցած էին կրօնքի քննութեանց։ Այս անգամ, մեզի տրուած տեղեկութեանց համաձայն, Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդութեամբ կազմուած յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ուսուցչուհիներ Լեռնա Քարաքիւթիւք, Ժպտուն Զուռնաճը եւ Լեռնա Եաղեազան, պատրաստուեցան կրօնքի քննութեան հարցումներ, որոնք յղուեցան Կրթական Նախարարութեան։ Բայց տրուած ըլլալով որ հարցումները հայերէն էին, դժուարութիւններ ծագեցան ու միջին ճամբաներ փնտռուեցան։ Վերջին հաշուով որոշուեցաւ որ այս տարի, ԹԷՕԿ-ի քննութիւններուն, որոնց առաջին մասը պիտի կայանայ այս ամիս, մեր 13 Հայկական դպրոցներէն 218 աշակերտ առաջին անգամ ըլլալով մտնեն կրօնքի քննութեան։
Այս կարգադրութիւնը միայն Հայկական վարժարաններու համար է։ Հայկական վարժարաններէ դուրս մասնաւոր վարժարաններու աշակերտները դարձեալ զերծ պիտի կացուցուին կրօնքի քննութիւններէն։ Իսկ Յունաց վարժարանի աշակերտները այս տարի ալ զերծ կը կացուցուին կրօնքի քննութենէ։
Որքան որ կը հասկնանք, հարցը դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ աշակերտներուն համար ալ, որոնք, հայերէնով իրենց ուսուցուած դասերու հարցումներուն պիտի պատասխանեն նաեւ թրքերէն տառերով կամ թարգմանութիւններով։




Leave a Reply