Թուրք փրոֆէսոր. Ամենասարսափելին ոչ թէ տառապանքն է, այլ` յիշողութեան ոչնչացումը

Քերեմ ՕքթեմՀայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ամերիկեան Իլինոյս նահանգի Էվընսթըն քաղաքի Հիւսիս-արեւմտեան համալսարանին մէջ «Ժխտում եւ յիշողութիւն» թեմայով համաժողովի ծիրէն ներս չորս տարբեր համալսարաններու փրոֆէսորներ ցեղասպանութեան ժխտման հարցի շուրջ քննարկում կազմակերպած են: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վայակոչելով The Daily Northwestern-ը:

Համաժողովին նախաձեռնողը Ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու հիմնարկի փրոֆէսոր Իփէք Եօսմաօղլուն էր: «Բռնութեան ժխտումը շատ աւելի լուրջ բան է: Ամէնէն սարսափելին ոչ թէ տառապանքն է, այլ այդ յիշողութեան ոչնչացումը»,- նշած է թուրք փրոֆէսորը:
Աւստրիական Կրաց քաղաքի համալսարանի փրոֆէսոր Քերեմ Օքթեմն ալ բարձրացուցած է յիշողութեան համեմատութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան –ժխտման գաղափարի հարցերը: «Ժխտման կողմնակիցները կը զրկուին հիմքերէ»,- ընդգծած է Քերեմ Օքթեմը:

Քննարկման ներկայ գտնուած Էւընսթընի բնակչուհի Պարպարա Լիոնսը իր հերթին նշած է, որ հայկական մշակոյթի ոչնչացումը ցնցած է զինք: «Անոնք ոչ միայն ազատուեցան հայերէն: Անոնք կը ցանկանային ազատուիլ նաեւ անոնց` այնտեղ գտնուելու մասին յիշողութենէն»,- աւելցուցած է Պարպարա Լիոնսը:

http://www.yerakouyn.com/?p=93191

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ