Սիտնիի մէջ կը տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար

ՍիտնիՆոյեմբեր 8-ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի (Սիտնի) քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի կ’ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:

Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աւելցնենք, որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր:

http://horizonweekly.ca/news/details/75913

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ