Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Շըրնաք նահանգի Ճիզրէի շրջանի բանտին մէջ 21 քիւրտերու սպանութեան գործով անցնող բոլոր մեղադրեալները արդարացուած են:
News.am-ի փոխանցմամբ` թրքական Nokta պարբերականը կը գրէ, որ Էսքիշեհիրի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 2-րդ դատարանին մէջ 1993-1995 թուականներուն Ճիզրէի շրջանին մէջ 21 քիւրտերու սպանութեան գործով վերջին դատավարութեան ժամանակ դատարանը ոչ բաւարար ապացոյցներու պատճառով արդարացուցած է բոլոր 8 մեղադրեալները:
Գործով անցնող գլխաւոր մեղադրեալ, նախկին գնդապետ Ճեմալ Թեմիզոզը նոյնիսկ ծաղրած է դատարանին մէջ գտնուողները` պնդելով, թէ ինքը գիտէ, որ JITEM (Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոստիկանութեան հետախուզութիւն) ֆրանսերէնով կը նշանակէ «Ես քեզ կը սիրեմ» եւ նման անունով կառոյցի մասին երբեք չէ լսած:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կը հաւատան, որ թէ յիշեալ 21 քիւրտերը եւ հազարաւոր այլ քիւրտեր 1990-ականներուն կոտորած է նոյն JITEM-ը:
http://www.yerakouyn.com/?p=93001
Leave a Reply