Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հոկտեմբեր 30ին ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան «Շահպազեան» սրահին մէջ Իրանահայ գրողներու միութիւնը (ԻԳՄ) «Պահանջատիրութիւն» խորագիրին ներքոյ համախմբած էր գրասէր հասարակութիւնը խորհրդաժողով-կլոր սեղանի մը, ուր ներկայացուած զեկոյցներուն շուրջ, նաեւ ատկէ դուրս, առիթ ընձեռուեցաւ ներկաներուն փոխանակելու միտքեր, լսելու եւ քննարկելու տեսակէտներ:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի ներկայութիւնը այս միօրեայ խորհրդաժողովին նոր խթան հանդիսացաւ՝ ուրուագծուելու այն հարցերու շրջանակը, որ այսօր առկայ է գրական ոլորտին մէջ: «Շատ առումներով, եթէ այս ոլորտին մէջ դրական տեղաշարժներ կան, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել ստեղծագործական առումով, քանի որ Ցեղասպանութեան թեման, ինչպէս իրենց խօսքին մէջ նշեցին բանախօսներէն քանի մը հոգի, չի սահմանափակուիր միայն դէպքերու եւ իրողութիւններու առանցքային նկարագրութեամբ, որ միտքի թռիչքներով նկարագրած ու գրական անդաստան հանած են մեր հանճարեղ բանաստեղծները», կը գրէ մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթը:
Ժողովը բացուած յայտարարեց ԻԳՄի նախագահ Թորգոմ Տէր Յակոբեան, որ իր խօսքի աւարտին բարձրախօսին մօտ հրաւիրեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը:
Օրուան թեմային շուրջ բանախօսեցին Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, մտաւորական Սուրիկ Աբնուսեան, ԻԳՄի նախկին նախագահ, բանաստեղծ Վարանդ Քիւրքչեան, «Հուսկ» հաստատութեան նախագահ եւ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Արամ Շահնազարեան:
Թեմաները ընդհանուր ծիրէն ներս կը քննարկէին հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք ուղղակի կ՛առնչուէին Հայոց Ցեղասպանութեան արդիւնքով արձանագրած կորուստներուն:
Asbarez.com
Leave a Reply