ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, որ անդամ է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, նշեց, որ Յունիս 7էն ի վեր երկիրը կ՛անցնի ճգնաժամային հանգրուաններէ: «Թուրքիոյ նախագահը մերժեց ընդունիլ եւ յարգել ընտրողներու կամքը եւ ամէն ջանք գործադրեց՝ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրկնելու համար, քանի որ սպառած էր կառավարութիւն կազմելու յոյսերը։ Ան բռնի միջոցներ կիրառեց՝ միանձնեայ իշխանութեան վերադառնալու համար»:
Յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու հետեւանքով առնուազն 900 հոգի սպաննուած է՝ ան աւելցուց. «Տնտեսութիւնը ծանր վիճակի մէջ է: Վիճակը այնքա՛ն ծանր էր, որ շատ յաճախ ժողովուրդը չէր կրնար սգալ իր զոհերուն մահը: Երկրին մէջ խօսքի ազատութիւնը բռնաբարուեցաւ, մամուլը կորսնցուց իր անաչառութիւնը, իսկ դատաիրաւական համակարգին հանդէպ ժողովուրդին վստահութիւնը նուազեցաւ եւ իջաւ 20 տոկոսի: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ոչ միայն ամէն ճիգ գործադրեց վերստանալու իր կորսնցուցած քուէները, այլ նաեւ վտանգաւոր խաղ յօրինեց՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնն ու «Իսլամական պետութիւն»ը դնելով «կախարդական սնտուկ»ի մը մէջ՝ շահագործելով կրօնական եւ ազգայնակական ծայրայեղ մօտեցումներ: Իշխող կուսակցութեան հետեւորդներուն մեծագոյն մասը սկսաւ հաւատալու, թէ Անգարայի ոճրագործութեան հեղինակը նոյն ինքն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնն է: Իշխող կուսակցութիւնը պատանդ վերցուց հասարակական կարծիքն ու բարոյական արժէքները՝ փորձելով հանրութիւնը համոզել, որ եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ չըլլայ, ապա երկիրը տնտեսական քաոսի պիտի մատնուի: Տեղի կ՛ունենային յարձակումներ մամլոյ կեդրոններու վրայ, որոնք կը քննադատէին Էրտողանը, իսկ բոլոր շրջաններուն մէջ տարածուած էր ատելութեան խօսելաոճը: Այս բոլոր հանգամանքները նկատի առնելով միայն կարելի է քննել ընտրութեան արդիւնքը եւ ըսել, որ իշխող կուսակցութիւնը «յաղթանակ» տարաւ»:
Տողան նաեւ նշեց, որ նոյնիսկ իշխող կուսակցութիւնը չէր ակնկալեր, թէ նման յաղթանակ պիտի տօնէ: «Բայց պէտք է նշեմ, որ հակառակ անոր որ Էրտողանն ու իր կուսակիցները կառավարութիւն կազմելու հնարաւորութիւնը ստացան, անոնք բարեբախտաբար օրէնսդրական բաւարար ուժ չունին՝ փոխելու երկրին սահմանադրութիւնը», նշեց ան:
Պատասխանելով քրտական խնդիրին մասին այն հարցումին, թէ ո՞ւր կրնան հասնիլ թուրք-քրտական բախումները՝ Տողան ըսաւ. «Քրտական հարցը մտահոգիչ է: Եթէ իշխանութիւնները չյաջողին դրական եւ օրինական մթնոլորտ ստեղծել երկրին մէջ, ապա այս բոլորն ի զուր է: Ամէն ինչ կախում ունի իշխող կուսակցութեան մօտեցումներէն: Այսինքն, եթէ իշխանութիւնը լուծումներ առաջարկէ եւ անկեղծ ըլլայ իր մօտեցումներուն մէջ, ապա այդ բախումները կրնան վերջ գտնել»:
Իսկ այն հարցումին, թէ ի՞նչ ծրագիրներ ունի Սելինա Տողանը՝ իբրեւ հայազգի պատգամաւոր, ան պատասխանեց. «Պիտի շարունակեմ պայքարիլ մարդկային իրաւունքներու եւ յատկապէս՝ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու ոտնահարումներուն դէմ: Չեմ ուզեր իմ գործունէութեամբ ներկայանալ միայն իբրեւ հայ: Իմ պարտականութիւնն է վարուիլ նաեւ իբրեւ թուրք քաղաքացի: Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ապա ես իմ պարտականութիւնը կը համարեմ սատար կանգնիլ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք միտում ունին կամուրջներ ստեղծելու Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ: Իմ ընտրութեան առաջին օրէն իսկ, ես կոչ ուղղած եմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ Հայկական Սփիւռքը չներկայացնէ իբրեւ թշնամի, որովհետեւ, ինչպէս Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլու առիթով մը յայտարարած է՝ Սփիւռքի հայերը մեր թշնամիները չե՛ն, այլ անոնք Անատոլիոյ քաղաքացիներ են: Մենք պէտք է ճամբաներ գտնենք զանոնք սիրաշահելու համար: Ես, իբրեւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ, իմ ծրագիրներուս մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատեմ վերադարձնել քաղաքացիութիւնը այն բոլոր հայերուն, որոնք այս հողի ծնունդ են, եւ այս առումով՝ պատրաստ եմ համագործակցելու բոլորին հետ: Իմ ներկայութիւնն այս կուսակցութեան մէջ շատ դրական մթնոլորտ ստեղծեց: Այնքան ատեն, որ մենք իրարու հետ կը շփուինք եւ կը համագործակցինք յարգանքի ու խօսքի ազատութեան մթնոլորտի մէջ, շատ մեծ փոփոխութիւններ կարելի է ակնկալել Թուրքիոյ մէջ»:
Asbarez.com
Leave a Reply