Գերմանիոյ վարչապետուհի Շանսէօլիէ Անճելա Մերքել միօրեայ այցելութիւնով Իսթանպուլ եկաւ։ Ձեռքին սակարկութիւններու թղթածրար մը ունէր տիկին վարչապետուհին։ Ծանօթ իրողութիւն է, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, բովանդակ Եւրոպան վերջերս մատնուած է գաղթականներու հոսքին։ Սուրիայէն, Աֆղանստանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ Միջին Արեւել-քի դեռ բազմաթիւ երկիրներէն ճարահատ մարդիկ կուտակուած են Եւրոպայի սահմաննե-րուն։ Իրենց համար փրկութեան վերջին միջոցին հասնելու համար վատնած են այն ինչ որ ունէին։ Կեանքերնին վտանգած են մարդավաճառներու ձեռքին մէջ։ Բոլոր ունեցուածքնին տուած են այդ պատեհապաշտներուն, որպէսզի խարխուլ նաւերու մէջ եթէ չընկղմին, քա-ղաքակիրթ Եւրոպայի մէջ նոր կեանք մը սկսին։
Ահա այս հոսքը կասեցնելու համար է, որ Թուրքիա կու գար Գերմանիոյ վարչապետուհին։ Կ՚ուզէր դրամով կաշառել։ Երեք միլիառ եւրօ կը խոստանար, գաղթականները Թուրքիա պա-հելու, անոնց դէպի իր երկիրը հոսքը կանխելու փոխարէն։ Կը խոստանար Թուրքիոյ քա-ղաքացիներուն դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւնը դիւրացնող միջոցներ։ Կը խոստանար Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութիւնը դիւրացնել։ Եւ ի վերջոյ ամենանողկալին՝ գաղթականնե-րը Թուրքիա պահելու փոխարէն օրակարգէ՛ն դուրս բերել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը։
Այսպէսով համաշխարհային հայութիւնը անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլար Արեւմուտքին, Եւրոպական երկիրներուն խարդախութեան։ Անգամ մը եւս մեր միլիոնաւոր զոհերու յի-շատակը եւ անոնց հետ հայ ազգի արժանապատուութիւնը կը դրուէր շահագործման կեղ-տոտ սեղանին վրայ։
Հայոց պատմութեան դասագիրքի հեղինակները պէտք չէ մոռնան այս ստորին հանդիպման յաջորդ օր Թուրքիոյ թերթերուն մէջ հրատարակուած լուսանկարը։ Պետական մտքի յա-րատեւութեան ապացոյցն է, փաստն է այդ նկարը ուր Թուրքիոյ հանրապետութեան նա-խագահ Էրտողան եւ Դաշնակցական Գերմանիոյ վարչապետուհին բազմած են ոսկեզօծ գա-հերու վրայ։ Ուրախ հպարտութիւն մը կը նշմարուի իրենց դէմքերուն։ Փոխադարձաբար ապահոված են կանխատեսած ակնկալութիւնները։ Ուսանողը պէտք է իմանայ որ այդ նկա-րին նմանը հարիւր տարի առաջ ալ գոյութիւն ունէր։ Անցեալի Համիտին կամ Թալեաթին տեղ այսօր տեսէք Էրտողանը, ինչպէս անցեալի Վիլհելմ կայսրի տեղ վարչապետ Մերքելը։
Դար մը առաջ անոնք այսպէս կը ժպտային հայ ժողովուրդի դիակներուն կոխած, իսկ այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներն են իրենց ոտքերուն տակ։
Երկար ու խորունկ վերլուծումները թողունք «քաղաքական վերլուծաբան»ներուն, մենք եղե-լութեան գիտակցինք սուրիացի մանուկի մը ընդվզումով՝ «Եթէ չէք ուզեր որ ձեր երկիրը գանք, դադրեցուցէք մեր երկրին մէջ ձեր յարուցած պատերազմը»։
Այսքան պարզ ու յստակ է ամէն ինչ։ Այսօր ով ինչ որ ըսէ նշանակութիւն չունի։ Ապագայ սե-րունդները շատ աւելի յստակ պիտի գիտակցին մերօրեայ անցուդարձերուն։ Պիտի տեսնեն թէ այսօր այդ ոսկեզօծ գահերուն բազմածներու ձեռքերը թաթխուած է ժողովուրդներու արիւնին։ Բայց վստահ եղէք որ հարիւր տարի ետք ուրիշ դերակատարներ նոր սակար-կութեան սեղաններ պիտի բանան, այս նիւթերը բարձիթող ընելու համար։ Եւ շատ հաւանա-կան է որ պիտի չվարանին նոյն ոսկեզօծ գահերուն բազմած լուսանկարուելէ։
http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/13150/vosgyezodz-kahi-ariwnatakh-e
Leave a Reply