Հոկտեմբեր 30-ին Պրահայի ՄԱՏ կինոթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ չեխ բեմադրիչ Մարթին Մահտալի «Ցեղասպանութեան յաւերժ վիշտը» ֆիլմի ամդրանիկ ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ Չեխիոյ ծերակոյտի փոխնախագահ Զդենեկ Շկրոմախի, Չեխ-հայկական պատգամաւորական խումբի նախագահ Ռոպին Բեոհնիշի, մշակոյթի ու արուեստի ներկայացուցիչներու: Այս մասին կը յայտնէ «Օրեր» ամսագիրին կայքը:
Ֆիլմի ցուցադրութիւնէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, ով ողջունելով ներկաները հակիրճ անդրադարձաւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, այլեւ անձնականին` վերյիշելով իր ընտանիքի պատմութիւնը: Այնուհետեւ Մարտին Մահտալ ձայնը տուաւ ֆիլմի արտադրող, Գոլեմ ֆիլմ ընկերութեան տնօրէն Եան Կուդելային, որ յիշեց սկզբնական շրջանի դժուարութիւնները` երբ առաջարկուեցաւ ֆիլմի գաղափարը, ֆինանսական ոչ մէկ աջակցութիւն դեռ կար: Սակայն հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կրցան ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմը իրականութիւն դարձնել: Սա Չեխական հեռուստատեսութեան, Գոլեմ ֆիլմ ընկերութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան (ի դէմս Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի) համատեղ արտադրութիւնն է, առաջին հայ-չեխական ֆիլմը:
Ֆիլմին աջակցած են նաեւ չեխահայ գործարար Գագիկ Տօնեան եւ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Սենարի հեղինակներն են Մարթին Մահտալ եւ Շուշան Թորոսեան, ինչպէս նաեւ դերասան-բեմադրիչ Արմէն Կարապետեան: Ի դէպ, Շուշան Թորոսեան նոյնպէս ներկայ էր ֆիլմի ցուցադրութեան:
Ֆիլմին մէջ կը հնչէ զուիցերահայ երգահան Հայկ Վարդանի երաժշտութիւնը:
Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են ոչ միայի չեխահայ համանյքի ներկայացուցիչներ, այլեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ ապրող Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներ: Օգտագործուած են նաեւ Երեւանի ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանի արխիւային նիւթերը: Ֆիլմը կը սկսի Քարել Հանսայի «Արեւելքի սարսափները» գիրքին պատմութեամբ, եւ այնուհետեւ անցում կը կատարուի Չեխիոյ մէջ ցեղասպանութեան թեմային առնչուող ձեռնարկներուն` զանոնք ընդմիջելով հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած պատմութիւններով:
Տեղեկացնենք, որ Հայաստանի մէջ ֆիլմը արդէն ցուցադրուած է «Կինոաշուն» կինոփառատօնին, իսկ Չեխական հեռուստատեսութեամբ ֆիլմը եթեր կը հեռարձակուի նոյեմբեր 11-ին:
http://www.yerakouyn.com/?p=92522
Leave a Reply