ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30ին յայտարարեց, թէ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական գործակցութեան նպատակն է՝ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը»։
Յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Հուլուսի Աքարի՝ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները ազատագրելու համար» իր կարելին ընելու կապակցութեամբ նախապէս կատարած յայտարարութեան առիթով։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական գործակցութեան մղիչ ուժը կը մնայ այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրները՝ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» են։
Asbarez.com
Leave a Reply