Փարակուէյի ծերակոյտը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ: Բանաձեւը ընդունուած է միաձայն:
Այս մասին «Երկիրն այսօր»-ին յայտնած են ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն:
Հրապարակուած հռչակագիրին մէջ Փարակուէյի ծերակոյտը արձանագրած է, որ «կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած է 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ կ՛ոգեկոչէ 100-րդ տարելիցը` իբրեւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր»: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ծերակոյտին անդամները: Ծերակոյտի որոշումին մանրամասնութիւնները Լատին Ամերիկայէն հեռաձայնով փոխանցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալբանդեանը:
http://www.yerakouyn.com/?p=92382
Leave a Reply