Իտալիոյ Ռաւեննա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

ՌաւեննաՀոկտեմբեր 22-ին Իտալիոյ Ռաւեննա (Ravenna) քաղաքը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ռաւենայի Քաղաքային խորհուրդիn կողմէ միաձայն ընդունուած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնելով Իտալիոյ մէջ հայերու միութեան դիմումը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ հայերու ողբերգութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցուած ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու ենթայանձնաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատի եւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ (յիշատակելով 2015թ. Ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ պատարագի մատուցման ժամանակ անոր ունեցած ելոյթը), Ռաւեննայի քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ:

http://horizonweekly.ca/news/details/75464

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ