Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցա՛ծ է. Ճորճ Քլունի

Ճորճ ՔլունիԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «1915ին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ իրողութեան վերաբերեալ վէճ չկայ», ըսած է համաշխարհային հռչակ վայելող դերասան Ճորճ Քլունին՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հանրային ձայնասփիւռի կայանի «Ֆրէյմ» յայտագիրէն սփռուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:

«Հիմա պատմութիւնը փոխուած է, եւ թուրքերը չեն ուզեր խօսիլ անոր մասին: Իսկ քանի որ մենք Թուրքիոյ մէջ ռազմական խարիսխներ ունինք, յանկարծ այն նոյն քաղաքական գործիչները, որոնք մինչ այդ կ՛ըսէին՝ «Այո՛, Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է», այսօր չեն կրնար խօսիլ անոր մասին», յայտնած է Քլունի:

Դերասանը նաեւ աւելցուցած է, որ ինք շարք մը քոնկրեսականներու հարցուցած է, թէ անոնք կրնա՞ն այսօր խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իսկ օրէնսդիրները պատասխանած են. «Բոլորովին չենք կրնար, որովհետեւ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ մեր դաշնակիցն է»:

Քլունի ընդգծած է, որ դերասանը չի կրնար քաղաքականութեամբ զբաղիլ, բայց կրնայ բարձրացնել հարցեր, որոնք իրեն համար կարեւոր նշանակութիւն ունին:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ