ԻՊ-ի գրոհայինները թրքական օդանաւերով Սուրիայէն կը տեղափոխեն Եմեն եւ Սէուտական Արաբիա

Իսլամական պետութիւնՍուրիոյ զինուած ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Ալի Մայհուպ յայտարարած է, որ «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԵՇ) ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայինները ռուսական օդային հարուածներէն փրկելու համար Սուրիայէն կը տեղափոխուին թրքական օդանաւերով: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ լրատուական գոծակալութիւնը:

«Համաձայն հետախուզութեան, Հոկտեմբեր 26-¬ին Թուրքիայէն Եմենի Ատէն քաղաքի օդակայան ժամանած են 4 օդանաւեր: Անոնցմէ 2¬-ը կը պատկանին թրքական օդանաւային ընկերութիւններու, մէկը` քաթարական, միւսը` Սէուտական Արաբիոյ»,¬- ըսած է Սուրիոյ ԶՈՒ ներկայացուցիչը:

Անոր տեղեկացմամբ` օդանաւերուն մէջ գտնուած են ԻՊ-ի 500 գրոհայիններ, որոնց տեղափոխած են Սուրիայէն` փրկելով ռուսական օդային հարուածներէն: Ըստ անոր՝ գրոհայինները դիմաւորած են սէուտական դաշինքի սպաները, որոնք ահաբեկիչները օդակայանէն դուրս հանած են երեք խումբերով: Առաջինը ուղեւորուած է Եմենի Պապ Մատէպ նեղուց Մանտեպ նեղուց, երկրորդը` Մաարիպ, երրորդը` սէուտական Ժազան եւ Աասիր մարզեր:

Ան նաեւ նշած է, որ, ըստ իրենց տեղեկութիւններուն՝ գրոհայիններու փոխադրութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ յետագային:

http://www.yerakouyn.com/?p=92232

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ