Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Հոկտեմբեր 26-ի այս օրը մեր ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ մահուան 131-րդ տարելիցը հայ ազգային ճառագայթող մեծութեան մը՝ Ներսէս Արք. Վարժապետեանի, որ իբրեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք նախակարապետը հանդիսացաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ Հայկական Հարցի միջազգայնացումին։
Վարժապետեան Պատրիարք արժանաւորապէս առաջնորդեց ու լուսաւորեց մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կեանքը 19-րդ դարու երրորդ քառորդին՝ իր ազգային պայծառամտութեամբ, առաջնորդելու վաստակով ու ոգեշնչող անհատականութեամբ հայանուէր ծառայութեան օրինակելի աւանդ եւ ժառանգութիւն կտակելով հայոց սերունդներուն։
Ներսէս Պատրարք Վարժապետեան միայն 47 տարի ապրեցաւ, բայց յաջողեցաւ իրեն վերապահուած կարճատեւ կեանքը լեցնել յաւերժութեան արժանի Գործքով։
Վարժապետեան Պատրիարք անմահացաւ ոչ միայն Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման դժուարին ու փշոտ ճանապարհին իր ունեցած նախակարապետի ներդրումով, այլեւ՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի ղեկավարման իր բացառիկ ձեռնհասութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդավարական ուսանելի վարքագծով։
Ներսէս Պատրիարք գործեց Օսմանեան Կայսրութեան թաւալգլոր անկումի ծայր աստիճան վտանգաւոր ժամանակաշրջանին, երբ թրքական պետութեան ամբողջական փլուզումը անխուսափելի դարձած էր, իսկ թուրք պետական մտածողութիւնը, կայսրութեան ներքին «ամրոց»ը ամէն գնով փրկելու ազգայնամոլութեամբ՝ սուլթաններու առաջնորդութեամբ փարած էր արեւելեան իր դարպասները, յատկապէս հայկական նահանգները հայութենէ պարպելու ու թրքացնելու կործանարար քաղաքականութեան։
Ներսէս Արք. Վարժապետեանի պատրիարքութիւնը նաեւ զուգադիպեցաւ հայոց ազգային զարթօնքի ծայր աստիճան զգայուն այն ժամանակաշրջանին, երբ ազգային-եկեղեցական մեր կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարման մեծ շարժումը իր սկզբնական փուլը կը բոլորէր եւ ինքնահաստատման դժուարութիւնները հարթելու հրամայականը կը դիմագրաւէր։
Յանուն ժողովրդավարականացման՝ ներ-հայկական տարակարծութիւններու, վէճերու եւ հակադրութիւններու առօրեայ մը ստեղծուած էր Պատրիարքարանէն ներս եւ անոր շուրջ. ազգային ժողովականութեան կեանքը թատերաբեմ դարձած էր եկեղեցական թէ աշխարհական գործիչներու ամէնօրեայ մրցապայքարին. անընդհատ Պատրիարք կը հրաժարեցուէր կամ կը փոխուէր՝ կարծէք ժողովրդային ու ժողովրդավար ընտրութեանց կիրարկումը ինքնանպատակ խաղի վերածելով։
Ահա ա՛յդ պայմաններուն մէջ, հակառակ երիտասարդ տարիքին Պատրիարքի պատասխանատուութեան կոչուելով, Ներսէս Վարժապետեան յաջողեցաւ իր ջանասիրութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ հեղինակութեամբ, թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ ազգային-ժողովականութեան կեանքը կայուն եւ համերաշխ հունի մէջ մտցնել ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մղել։ Իբրեւ այդպիսին Ներսէս Պատրիարք հանդիսացաւ 1860-ականներու Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք ընտրուած Հայոց Պատրիարքներէն առաջինը, որ անփոփոխ մնաց պաշտօնի վրայ մինչեւ իր վախճանումը։
Աւազանի անունը Պօղոս էր. իր անունն ու մականունը ժառանգած էր մեծ հօրմէն, որ ծանօթ երաժիշտ ու վարժապետ էր։ Ծնած էր 28 Յունուար 1837-ին Խասքէօյ, Պոլիս։ Ուշիմ եւ փայլուն աշակերտ էր իր թաղի Ս. Ներսէսեան դպրոցին մէջ։ 15 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու հայրը՝ Ստեփանը։ Իբրեւ տան անդրանիկ զաւակը, հօր մահէն ետք, իր վրայ ծանրացաւ որբեւայրի մօր, փոքր քրոջը եւ երկու մանկահասակ եղբայրներուն ապրուստի հոգը։
1853-ին, 16 տարեկանին, ուսուցչութեան կոչուեցաւ իր թաղի դպրոցին մէջ եւ արդարացուց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ 1855-ին, ուսուցչական պաշտօնով տեղափոխուեցաւ Ադրիանուպոլիս, ուր արժանանալով տեղւոյն Առաջնորդին՝ Արիստակէս Եպիսկոպոս Ռափայէլեանի ուշադրութեան եւ հոգածութեան, 1858-ին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ այդպէս սկսաւ հոգեւորական իր ծառայութիւնը, որ յատկանշուեցաւ յարաճուն ու արագաքայլ վերելքով։
1859-ին իբրեւ հոգեւոր հովիւ վերադարձաւ Խասքէօյ։ Ոչ միայն իր ծննդավայր թաղին հոգեմտաւոր զարթօնքին դրօշակիրը դարձաւ, այլեւ՝ մտերմացաւ եւ սերտ գործակիցը եղաւ եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած եւ Պոլիս վերադարձած ազատախոհ մեր մտաւորականներու սերունդին, որ ձեռնարկած էր Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին։ Ներսէս Վարդապետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրման համար մղուած պայքարին մէջ եւ, այնուհետեւ, իրեն վստահուած ազգային-հոգեւորական բոլոր աշխատանքները եւ պատասխանատուութիւնները լաւագոյնս ի կատար ածեց։ Հետեւաբար, արդէն կը վայելէր ընդհանուր յարգանք եւ հեղինակութիւն, երբ 26 Ապրիլ 1874-ին ընտրուեցաւ Պատրիարք, 37 տարեկան հասակին։
Ներսէս Պատրիարք հանդիսացաւ նախակարապետը Հայկական Հարցի միջազգայնացումին։ Իր Պատրիարք ընտրութենէն երեք տարի ետք ծայր առաւ 1877-78-ի Ռուս-Թրքական պատերազմը, որ աւարտեցաւ թրքական զօրքերու ջախջախիչ պարտութեամբ։ Սուլթանը ստիպուեցաւ ստորագրել Սան Սթեֆանոյի հաշտութեան պայմանագիրը, որ սակայն «նախնական» դաշնագիր մը նկատուեցաւ եւ քանի մը ամիս ետք փոխարինուեցաւ Պերլինի ծանօթ դաշնագրով։
Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի նախապատրաստութեան օրերուն էր, որ հայրենի մերօրեայ պատմաբաններու վկայութեամբ՝ «Կ. Պոլսի հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանը հանդիպեց բանակցութիւնների ռուսական կողմի ղեկավար Ն. Իգնատեւի հետ եւ խնդրեց հաշտութեան պայմանագրում տեղ յատկացնել հայ ժողովրդի արդարացի ձգտումներին: 1878թ. Փետրուարի 19-ին Սան Սթեֆանոյում ստորագրուեց ռուս-թուրքական խաղաղութեան պայմանագիր: Այն անուանուեց նախնական, քանի որ ենթադրւում էր Եւրոպային վերաբերող հարցերը քննարկել համա-եւրոպական վեհաժողովում: Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը բաղկացած էր 29 յօդուածից, որի 16-րդ կէտը վերաբերում էր հայերին: Նրանում ասւում էր.- «Հաշուի առնելով, որ ռուսական զօրքերի դուրսբերումը Հայաստանից կարող է առիթ տալ բախումների և բարդութիւնների, Բարձր Դուռը պարտաւորւում է հայաբնակ մարզերում անյապաղ կենսագործել բարենորոգումներ եւ.ապահովել հայերի անվտանգութիւնը քրդերից ու չերքէզներից»:
«Պայմանագրի յօդուածներում կային հայերին վերաբերող հարցեր: Դրանց համաձայն բարենորոգումները պէտք է կատարուէին 6 ամսուայ ընթացքում, մինչեւ ռուսական զօրքերի դուրսբերումը եւ որոնց մասին թուրքերը պէտք է հաշուետու լինէին ռուսական կողմին: Քանի որ Թուրքիան անկարող էր վճարել հսկայ ռազմատուգանք, Ռուսաստանին էին անցնում Կարսը, Արդահանը, Բաթումը, Բայազէտը:
«16-րդ յօդուածը ոգեւորեց հայութեանը: Այնտեղ առաջին անգամ օգտագործւում էր Հայաստան անուանումը, եւ Թուրքիան խոստովանում էր, որ իր տարածքում կան հայաբնակ մարզեր»:
Մինչեւ 1884 Ներսէս Վարժապետեան արժանաւորապէս վարեց պատրիարքական պաշտօնը։ Բայց առողջական վիճակը փայուն չէր, շաքարախտ ունէր եւ, Օրմանեան Պատրիարքի վկայութեամբ, կանոնաւոր չէր հետեւեր իրեն յանձարարուած դեղերու օգտագործման։ Այդպէ՛ս, շաքարախտը կտրեց բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուած կեանքի թելը Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի, որ տակաւին շատ տալիք ունէր հայ ժողովուրդին։
Կիսաւարտ մնաց Գործը մեծանուն հայ հոգեւորականին եւ ազգային գործիչին, որուն վախճանման 131-րդ տարեցին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ վկայութիւնը կ’արժէ եզրափակել ընդհանրապէս ժլատ գնահատականներ արձանագրողի համբաւ ունեցող՝ խստապահանջ Օրմանեանի հետեւեալ արժեւորումով.-
«Ներսէս, կրնանք ըսել, համարձակ, ժամանակի եկեղեցականութեան ցայտուն դէմքն էր, կերպարանով եւ բնաւորութեամբ համակրելի, դաստիարակութեամբ եւ ուսմամբ իր կարգակիցներէն գերազանց, աշխատութեան մէջ անխոնջ, գաղափարներով լայնախոհ եւ օրինաւոր սահմանի մէջ ազատամիտ, ազգասիրական եւ եկեղեցասիրական զգացումներով նշանաւոր, խօսակցութեամբ համեղ, ատենաբանութեամբ ազդու, դժուարութեանց դէմ արի, հնարիմացութեանց մէջ ճարտար, մէկ խօսքով կատարեալ անձնաւորութեան մը տիպար»։
http://www.yerakouyn.com/?p=92107
Leave a Reply