Վիեթնամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարելիութիւնը կը քննէ

Հա Եունկ ՔունկԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վիեթնամ սկսած է քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարելիութիւնը. այս մասին յայտնեց Վիեթնամի արդարադատութեան նախարար Հա Եունկ Քունկ՝ Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու միջազգային երրորդ համաժողովի ծիրէն ներս՝ Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցէն ետք։

«Կը քննարկենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ընդհանուր առմամբ, Վիեթնամ կը դատապարտէ որեւէ ազգի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւն», յայտնեց նախարարը:

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Հանոյի միջեւ յարաբերութիւններուն՝ Հա Եունկ Քունկ նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ միշտ բարեկամական յարաբերութիւններ եղած են, իսկ Վիեթնամի պատերազմի տարիներուն Հայաստան օգնած է աւելի քան 1000 զինուորներու նախապատրաստման գործին: Անոնցմէ շատերը մինչ օրս կ՛աշխատին պետական համակարգէն ներս կամ տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ: «Ասիկա մեր յարաբերութիւններու ժառանգութեան մէջ մեծ ներդրում է, զոր պէտք է այսուհետեւ եւս զարգացնել», ամփոփեց նախարարը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ