Օգոստոսին Սթամպուլի մէջ լոյս տեսաւ հայազգի լրագրող, գրող, հետազօտող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը իսլամացած հայերու մասին:
«Քաւարանի մէջ գտնուող հայերու պատմութիւնը. մենք չենք փնտռէր ոչ Քրիստոսի, ոչ Մուհամետ մարգարէի բարեհաճութիւնը» գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց թուրք ընթերցողներու մէջ, քանի որ առաջին անգամ կը պատմուէր այն իսլամացած հայերու մասին, որոնք, չգիտնալով իրենց հայկական ինքնութեան մասին, միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK):
Հայ լրագրողին գիրքը հրատարակուած է Թուրքիոյ ամենախոշոր՝ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մէջ՝ նախնական 1000 օրինակ տպաքանակով: Գիրքը պիտի հրատարակուի երկրորդ անգամ՝ կրկին նոյն տպաքանակով: Անիկա արդէն իր հաստատուն տեղն ունի Թուրքիոյ գրախանութներու ամենապահանջուած գիրքերու դարակին մէջ:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուն Սթամպուլի եւ Անատոլուի համալսարաններու շրջանաւարտ է, որ իր լրագրողական ասպարէզը սկսած է 1995ին, հայալեզու «Մարմարա» օրաթերթին մէջ: Նոյն տարին ան սկսած է աշխատելու «Նոր Սան» մշակութային ամսագիրին համար, այնուհետեւ տեղափոխուած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող ամենահին՝ «Ժամանակ» օրաթերթ:
Անոր յաջորդ կանգառը «Ակօս»ի խմբագրութիւնն էր: 1998ին միացած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող առաջատար թերթերէն մէկուն՝ Hürriyet-ին, ուր աշխատած է մինչեւ 2007ը, իսկ ապա շարունակած է աշխատանքը պարբերականի անգլիալեզու Hürriyet Daily News խմբագրութեան մէջ:
2009ին, շահելով Frederich Naumann հիմնադրամի մրցոյթը, Վերճիհան Զիֆլիօղլու այցելած է Հայաստան՝ ծանօթանալու հայաստանեան լրատուական դաշտին եւ խթանելու հայ-թրքական երկխօսութիւնը մետիա ոլորտին մէջ: Ան բազմաթիւ պարգեւներու արժանացած է եւ գիրքեր հրատարակած է արեւմտահայ բանաստեղծութեան մասին:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուի՝ իսլամացած եւ քրտական շարժման մէջ ներգրաւուած հայերու մասին պատմող գիրքը, Արեւելեան Անատոլիայի (Արեւմտեան Հայաստանի-Ակունքի խմբ.) մէջ անոր շուրջ 12 տարուան հետազօտական աշխատանքի արդիւնքն է, որ տարբեր տեսանկիւններէ կը պատմէ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն եւ զրկանքներուն մասին:
Գիրքին մէջ հայերը ներկայացուած են «իսլամացած» եւ «կրիպտօ» անուանումներով: Գիրքին օգնութեամբ ընթերցողը առաջին անգամ հնարաւորութիւն ունի ծանօթանալու այն հայերուն, որոնք անցեալին միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան՝ երբ դեռ չէին գիտեր իրենց հայկական ինքնութեան մասին:
«Երբ անոնք կը տեղեկանան այդ մասին, կը լքեն քրտական շարժումը՝ սկսելով հարցեր ուղղել իրենք իրենց: Անոնք արդէն լաւ պատկերացում ունին այն մասին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման տեսանկիւնէ քիւրտերը ինչ դեր ունեցած են», «Մեդիամաքս»ին պատմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլու:
Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ հեղինակը հանդիպած է նաեւ Ցեղասպանութեան ականատես դարձած համիտեան զինուորներու, որոնց յանձնարարուած էր մասնակցիլ հայերու ոչնչացման ծրագիրին: Հեղինակը հանդիպած եւ զրուցած է անոնցմէ մէկուն՝ 120 տարեկան Մեհմետ Էսենի հետ, որ հրաժարած էր մասնակցելէ հայերու կոտորածներուն՝ փոխարէնը փրկելով քանի մը հայ ընտանիք: Գիրքին մէջ Վերճիհանը կը ներկայացնէ իր զրոյցը համիտեան զինուորին հետ:
«Գիրքը հրատարակուած է թրքերէն լեզուով, քանի որ նախատեսուած է առաջին հերթին Սթամպուլի հայութեան համար, որ այսօր, ցաւօք, լաւ չի տիրապետեր հայերէնին, ինչպէս նաեւ թուրքերու լայն զանգուածին համար: Ես քաղաքական գործիչ չեմ: Ես լրագրող եմ, գրող, եւ իմ ընելիքս կ՛առնչուի ոչ թէ պետութիւններուն, այլ հասարակութիւններուն», պատմած է լրագրողը:
Անոր խօսքով՝ գիրք գրելու իր նպատակը երկխօսութեան նպաստելը չէ եղած:
«Այդ իմ գործս չէ: Իմ առաքելութիւնս է լրացնել, փորձել լուծել իմ ժողովուրդին բաժին հասած գլուխկոտրուկը: Ես փորձած եմ պատմել անոնց հարիւրամեայ քաւարանի պատմութիւնը», ըսած է Վերճիհան Զիֆլիօղլու:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին՝ Թուրքիա ծնած եւ հոն բնակող հայազգի լրագրողը նկատած է, որ այս իրավիակին մեջ չի հաւատար «երկխօսութիւն», «կամուրջ» բառերուն: Անոր համոզումով՝ թրքական հասարակութեան շրջանին մեջ որոշ փոփոխութիւններ կը նկատուին Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալման առումով, սակայն «հայ» բառը դեռեւս կը շարունակուի որոշ իմաստով որպէս վիրաւորական արտայայտութիւն օգտագործուիլ թուրք շրջանակներուն քով:
Բայց Վերճիհան Զիֆլիօղլու լիայոյս է, թէ «բաներ կրնան փոխուիլ, բայց ոչ շուտ»:
«Մեդիամաքս»
Asbarez.com
Leave a Reply