ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Նախկին թոքատցի, ներկայիս պոլսաբնակ Էմրան Նալչաճիէրի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, Թոքատի քաղաքապետին աջակցութեամբ, քաղաքի կեդրոնին մէջ, տեղւոյն կուսակալ Ճեվտէթ Ճանի կողմէ պահպանութեան տակ առնուեցաւ հայոց գերեզմանատունը, որուն տարածքը պարսպապատուեցաւ ու զետեղուեցան նաեւ ցանկապատներ։
Ներկայիս Թոքատի մէջ կ՛ապրին երկու հայ ընտանիքներ։ 1950ականներուն այդ թիւը 2500ի կը հասնէր, իսկ 20րդ դարասկզբին հոն կը գործէին եօթը եկեղեցիներ եւ երկու վանքեր։ Ներկայիս փոշի մ՛իսկ չէ մնացած այդ աղօթատուներէն։
Asbarez.com
Leave a Reply