ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Նոյեմբեր 1ին կայանալիք Թուրքիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ զօրավիգ կը կանգնի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան, կոչ ուղղելով Եւրոպայի մէջ ապրող Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն, որ իրենց քուէները տան այդ կուսակցութեան։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը շեշտեց, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը յառաջդիմական կուսակցութիւն մըն է, որ յարգանք ցոյց կու տայ ժողովուրդներուն՝ իրենց մայրենի լեզուն պահպանելու, իրենց մշակոյթն ու կրօնական պատկանելիութիւնը անխախտ պահելու համար։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտնեց, որ իր ներկայացուցիչները Յունիս 7ին կայացած ընդհանուր ընտրութիւններուն որպէս դիտորդ մասնակցած էին եւ մօտէն կը հետեւին երկրին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն։
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը. «Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայութիւնը պիտի նշանակէ ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան ուղղութեամբ կուսակցութեան մը ներկայութիւնը»։
Asbarez.com
Leave a Reply