Թուրք նախկին նախարարը կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը

Ալի Հայտար ՔոնչաԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան եւ Եւրոպական հարցերու նախկին նախարար Ալի Հայտար Քոնչա հոկտեմբեր 18ին այցելեց Հոլանտայի հայաշատ Ալմելօ քաղաքը ու հանդիպում մը ունեցաւ համայնքի ղեկավարներուն հետ։ Քոնչա Հոլանտա մեկնած էր նոյեմբեր 1ի երեսփոխանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին կապակցութեամբ։

Հանդիպումը կայացաւ Ալմելոյի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր մասնակցեցան նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ կառոյցի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հոլանտացի երեսփոխան Փիթըր Օմթզիխթ։

Քոնչա իր ելոյթին ընթացքին մասնաւորաբար անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։ Ան նշեց, որ հայկական միջավայրին մէջ ինքզինք կը զգայ իր հարազատ տան մէջ, իսկ հայկական կոտորածներուն անդրադառնալով՝ ըսաւ, որ 20րդ դարասկիզբի դէպքերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ ցեղասպանութիւն։ «Բոլորս գիտենք, որ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ազգաբնակչութիւնը ենթարկուեցաւ աղէտալի ու արիւնալի դէպքերու։ Եթէ մէկ բառով նկարագրենք հայ ժողովուրդի տառապանքները, պէտք է ըսենք, որ պատահածը ցեղասպանութիւն էր», յայտարարեց Քոնչա։

Քիւրտ երեսփոխանը մասնակցեցաւ նաեւ Ս. պատարագին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ