Հայկական հետազօտութիւններու ընկերակցութիւնը (Society for Armenian Studies) «Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը» թեմայով միջազգային համաժողով պիտի իրականացնէ:
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին տեղեկութիւններով՝ համաժողովը պիտի կայանայ նոյեմբեր 21-ին, Քոլորատօ նահանգի Տենվէր քաղաքին մէջ եւ պիտի նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Տենվէրի մէջ նաեւ պիտի իրականացուի կազմակերպութեան 41-րդ ամենամեայ հաւաքը, որուն պիտի մասնակցին հայագիտութեան ոլորտի գիտնականներ եւ դասախօսներ:
http://www.yerakouyn.com/?p=91738
Leave a Reply