Նախորդ նախագահ Կիւլի շինիչ թելադրութիւնը. “Եթէ ցաւակցութիւն յայտնելն իսկ քննադատուի, մենք ի՞նչպէս կրնանք ապրիլ միասին”
Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, որ մասնակցած էր կրօնական օրուան առթիւ կազմակերպուած իֆթարի ճաշկերոյթի մը, ելոյթ ունեցաւ ու ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ երկրին հարցերուն մասին արտայայտուեցաւ հաւասարակշռեալ եւ տեղին մեկնաբանութիւններով։
Ապտուլլահ Կիւլ Անգարայի ահաւոր պայթումէն վերջ ցաւակցական մասնաւոր այցելութիւն մը տուած էր նաեւ Հէ-Տէ-Փէի համանախագահ Ապտուլլահ Տէմիրթաշին եւ իր ցաւը յայտնած էր Անգարայի պայթումին զոհուած Հէ-Տէ-Փէցիներու համար։ Նախկին Նախագահ Կիւլի այս այցելութիւնը որոշ շրջանակներու կողմէ քննադատուեցաւ։ Ասիկա թերեւս շատ ալ զարմանալի չէր թշնամական այն մթնոլորտին մէջ, որ ներկայիս ստեղծուած է Հէ-Տէ-Փէի հետ կապուած բոլոր երեւոյթներուն ու անձերուն դէմ։ Ապտուլլահ Կիւլ ցաւ յայտնեց այդ այցելութեան առիթով յառաջ քշուած վերապահութիւններուն համար, ըսաւ որ այսօր մեր մեռեալներուն համար ցաւակցութիւն յայտնելէն իսկ անհանգստութիւն զգացող մթնոլորտ մը ստեղծուած է, եթէ այսպէս ըլլայ, մենք ի՞նչպէս պիտի կարենանք միասին ապրիլ։ Եթէ մահեր պատահած են եւ եթէ որոշ անձեր “Եահու, ի՞նչ կը պատահի” ըսել կը սկսին մեր յայտնած ցաւակցութեան համար, այն ատեն կրնանք հասկնալ որ խնդիրը որքան խորունկ է, ըսաւ Ապտուլլահ Կիւլ։
Կիւլ անդարադարձաւ Անգարայի պայթումի ողբերգութեան եւ այս օրերուն շարունակուող ահաբեկչական արարքներուն։
“Կը պատահին արիւնալի դէպքեր որոնք մեր միտքէն իսկ չէին անցներ։ Ամէն օր ոստիկաններ ու զինուորներ կը կորսնցնենք։ Այնքան որ այս լուրերն իսկ թերթերու մէջ կը տրուին քանի մը տողով։ Ես յարգանքով կ՚ոգեկոչեմ Սուրուչի, Տիյարպաքըրի կամ Անգարայի մէջ մեր զոհերուն յիշատակը” ըսաւ Կիւլ։
Կիւլ դիտել տուաւ որ տարիներ առաջ երբ հեռաւոր երկիրներու մէջ անձնասպանութեան ռումբեր կը պայթէին կամ ահաւոր ահաբեկչութիւններ կը պատահէին, մենք կ՚ըսէինք որ փառք Աստուծոյ այսպիսի մարդիկ մեր մէջէն չեն ելլեր։ Հիմա մենք ալ նոյնը մեր հողերուն վրայ ապրիլ սկսանք։ Պայման է որ ասիկա այսպէս չշարունակուի, պայման է որ մենք վերստեղծենք միասնական ապրումի մթնոլորտը, իրարու նայինք սիրով ու յարգանքով։ Ասոր համար պայման է որ մենք հասկնանք մեզմէ տարբեր կերպ մտածողը, կարենանք մեզ դնել անոր տեղ։ Ժամ առաջ այս մթնոլորտէն դուրս պէտք է ելլենք որպէս պետութիւն ու ազգ։
ԵՄԻԱ-ի որոշումին մասին. “Հայկական ցեղասպանութեան պնդումները հրէական ողջակիզման չեն նմանիր”
“Ագշամ”ի մէջ քրոնիկագիր Կիւլայ Կէօքթիւրք այսօր կը խօսի ԵՄԻԱ-ի կողմէ Տողու Փէրինչէքի ի նպաստ ընդունուած որոշումին մասին։ Ան գոհունակութիւն կը յայտնէ այս որոշումէն, կ՚ըսէ որ այսպէս՝ ոչ մէկ երկիր այսուհետեւ պիտի կարենայ հայկական ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն նկատել, իսկ այն Խորհրդարանները որոնք հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչնալ կը պատրաստուին, ետ պիտի կենան։
Այս գոհունակութեան փոխարէն քրոնիկագիրը գոհ չէ սակայն որ ԵՄԻԱ նոյն որոշումը գործադրելի չի նկատեր նաեւ հրէական ողջակիզման մասին։ ԵՄԻԱ ըսաւ որ “Հայկական ցեղասպանութիւնը գիտականօրէն ճշդուած եղելութիւն չէ, վիճելի հարց է, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել հրէական ողջակիզման համար որ գիտականօրէն ճանաչուած իրողութիւն է”։ Կիւլայ Կէօքթիւրք վիճելի կը գտնէ այս “գիտական” որակականը ու ցաւ կը յայտնէ որ մարդիկ այսօր հրէական ողջակիզման մասին ալ կարծիքներ յայտնելու իրաւունք չունին։
Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը կը կնճռոտի
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ներքին ծալքերը քանի մը օրը անգամ մը տեղ կը գտնեն թուրք մամուլին մէջ, անվերջանալի ու իրերայաջորդ պնդումներ յառաջ կը քշուին, ընթերցողները շատ ալ ի վիճակի չեն հասկնալու այս բոլորին ներքին ծալքերը։ Յայտնի է որ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը լուծելէ աւելին կայ, ապահովութեան կարգ մը հիմնարկներու միջեւ քաշքշուք մը, զիրար ամբաստանել մը կայ։ “Զաման” այսօր դարձեալ լայն հրատարակութիւն ունի “Գայթակղութիւն մը եւս” ըսելով։ Գայթակղութիւնն այն է որ Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէնութեան կողմէ տրուած տեղեկագիր մը կեղծ դուրս եկաւ, յայտնի դարձաւ որ այդ տեղեկագրին մէկ օրինակը Տրապիզոնի պաշտօնական արխիւներու մէջ չկայ, ուստի կեղծ է։
Օքսֆորտի համալսարանի գրադարանը հայկական ձեռագրերու աննախադէպ ցուցահանդէս կը բանայ
Աշխարհի երկրորդ ամենահին՝ Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան գրադարանը կը պատրաստուի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրութեան հանելու հայկական հազուագիւտ ձեռագրերու եւ տպագիր գրականութեան իր հաւաքածոն։
Ցուցահանդէսը կը կրէ “Հայաստան. յարակայուն մշակոյթի ձեռագրերը” խորագիրը եւ նուիրուած է հայոց պետականութեան 2500ամեայ պատմութեան ու մշակոյթին։
Պոտլէեան գրադարանէն Էլէյն Պայպըլ տեղեկացուց որ հանրութեան պիտի ներկայացուին հայկական ձեռագրերու, տպագիր գրականութեան, հայկական համայնքի կիրառական արուեստի ու հոգեւոր իրերու աւելի քան հարիւր նմոյշներ, որոնք ի մի բերուած են թէ_ գրադարանի ու թէ մասնաւոր հաւաքածոներէն։ Այս նմոյշները ի պահ կը մնան Հայաստանի, Հոլանտայի ու ՄեծնԲրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։
Ցուցադրութիւնը այցելուներու առջեւ իր դռները պիտի բանայ 23 Հոկտեմբերին։
Պոտլէեան գրադարանը Եւրոպայի ամենահին գրադարաններէն մէկն է, իսկ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Բրիտանական գրադարանէն յետոյ, իր մեծութեամբ երկրորդն է՝ 11 միլիոն նմոյշներով։
Գրադարանը գլխաւորաբար կը գործէ որպէս գրադարան-ընթերցասրահ եւ հոն ի պահ դրուած փաստաթուղթերը հիմնականին մէջ դուրս կրնան հանգուիլ ընթերցասենեակներէն։ Գրադարանն ունի հայերէն ձեռագրերու եւ գիրքերու բաւական հարուստ հաւաքածու։
Ցուցակներու մէջ պահպանուած նմոյշներու համաձայն, գրադարանը առաջին հայերէն ձեռագիրը ստացած է 1635ին, Լաուտի արքեպիսկոպոսի կողմէ։
Leave a Reply