Հէ-Տէ-Փէ-ի Աղրըի երեսփոխան Լէյլա Զանա Իզմիրի մէջ այցելեց Անգարայի պայթումի ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն եւ այս առիթով կոչ մըն ալ ըրաւ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանին: Զանա ուզեց որ Նախագահ Էրտողան այլեւս ընէ այն ինչ որ արդէն ըրած ըլլալու էր մինչեւ հիմա, պէտք է կանչէ բոլոր կուսակցութիւնները, զանոնք մէկտեղէ ստեղծուած մեծ հասարակաց ցաւին մէջ: «Եթէ մենք բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, կրնանք ճամբայ բանալ նոր ազատ ապագայի մը որու վրայ բոլոր հաւաքականութիւնները պիտի կարենան միասին ապրիլ», – ըսաւ ան:
«Անգարայի մէջ ապրուածը ցոյց կուտայ որ անցեալէն դաս չենք կրցած քաղել: Զանազան ցեղէ ու լեզուէ մարդիկ Անգարա գացած էին հաշտութեան ի նպաստ աղաղակելու համար: Քաղաքագէտներու անպատասխանատու յայտարարութիւններուն պատճառաւ մարդիկ հիմա այլեւս իրենց սուգն իսկ չենք կրնար պահել´, ըսաւ Զանա, որ աւելցուց որ մահերը հիմա մեզ իրարու կը միացնեն, բայց մեխակ դնելը բաւարար չէ: Պէտք է որ երեւան հանուին թէ զէնքը գործածողը, թէ անոր ետին գտնուողները: Քաղաքագէտները այլեւս միասնական կոչ մը պէտք է ընեն ահաբեկչութեան դէմ: Ոմանք մեզ իսկ ահաբեկչութեան շրջագծին մէջ կը դնեն, եթէ այսպէս ընեն, մենք ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծել միասնականութիւնը: Նախագահ Էրտողան հիմա պէտք է կանչէ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները: Ցաւ ունինք, զայրցացած ենք, եւ իսկապէս ապստամբած ենք: Բարկութիւնը մեղրէն աւելի անոյշ է, բայց անոր պտուղը շատ դառն է: Զայրոյթը ցայրոյթ կը ստեղծէ: Մեր ցաւերուն մէջէն հիմա պէտք է միասնականութիւն ստեղծենք», – ըսաւ Զանա:
Գեղեցիկ ու տեղին խօսքեր, որոնց նմանները աւելի առաջ ալ քանիցս արտասանուած են եւ որոնք օդին մէջ մնացած են առանց արդիւնք մը տալու:
http://www.normarmara.com/
Leave a Reply