ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԷՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ. ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼ ԹԷ ԸՇԻՏ-Ի, ԹԷ ՓՔՔ-Ի ԿՈՂՄԷ

Վարչապետ Տավուտօղլու Իսթանպուլի Լութֆի Գըրտար Համագումարի սրահին մէջ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը ընթացքին ելոյթ ունեցաւ։ Աւելի վերջ, անդրադառնալով Անգարայի պայթումին, ըսաւ որ այս խնդրին մէջ ամենայն հաւանականութեամբ դեր կրնան ունեցած ըլլալ կամ ԸՇԸՏը կամ ՓՔՔն։

Վարչապետը որ Պուլկարիոյ Վարչապետ Պօյքօ Պոլիսովի հետ ժամ մը խօսեցաւ, աւելի վերջ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։ Վարչապետը դարձեալ վճռական լեզու գործածեց եւ ըսաւ որ Անգարայի պայթումին պատասխանատուները եւ անոնց ետին գտնուող ուժերը անպայման երեւան պիտի հանուին։ Ուշադրութեամբ կը քննուին նախայարձակներուն կապերը զանազան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ։ Նախայարձակներէ առնուած Տէ-Նէ-Աներու քննութիւնը նոր տուեալներ տրամադրեց։ Մանրամասն աշխատանքը կը շարունակուի։

“Անգամ մը եւս կ՚ըսեմ որ այս ստորին յարձակումին հեղինակները անպայման երեւան պիտի հանուին եւ դատարան պիտի յանձնուին։ Ո_չ մէկը կասկած թող ունենայ այս մասին։ Իսկ եթէ այս խնդրի կապակցութեամբ իշխանութիւններու մօտ անտեսում կամ թերութիւն մը տեսնուած է, այդ մասին ալ քննութիւն պիտի կատարուի։

20 Յուլիսէն ի վեր երեք տարբեր կազմակերպութիւններ, ԸՇԻՏ, ՓՔՔ եւ ՏՀՔՓ-Ճ հետեւողական կերպով կը յարձակին մեր վրայ։ Նախ պէտք է տեսնենք ասիկա։ Ընկերային համացանցի էջերու եւ թվիթթերի հաշիւներու վրայէն ստացուած տուեալներու համաձայն հիմա մենք շատ հաւանական կը նկատենք որ այս յարձակումը կրնայ գործուած ըլլալ թէ_ ԸՇԸՏին թէ ՓՔՔին կողմէ։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՍԽԱԼ ԽՕՍԵՑԱՒ. ԸՇԻՏ-Ի ՈՒ ՄԵՐ ՄԻՋԵՒ 360 ԱՍՏԻՃԱՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ

Լրատու գործակալութիւնները երգիծական ոճով կը հաղորդեն որ Վարչապետ Տավուտօղլու Շով-Թի-Վի հեռատեսիլի կայանէն իրեն հետ կատարուած կենդանի հարցազրոյցի մը ընթացքին բերնէն սխալ մը փախցուց։

Հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Ժիւլիտէ Աթէշի, Սէլջուք Թէփէլիի եւ Ճիւնէյթ Պաշարանի հարցումներուն, Վարչապետը ըսաւ. “ԸՇԻՏ-ի ու մեր միջեւ ոչ թէ 180, այլ 360 աստիճան տարբերութիւն կայ”։

Վարչապետը անշուշտ ըսել կ՚ուզէր որ հարիւր տոկոս տարբերութիւն կայ իրենց ու ԸՇԻՏ-ի միջեւ, բայց իր արտասանած խօսքէն ճիշդ հակառակը կը հասկցուէր։

Վարչապետը հերքեց նաեւ այն պնդումները թէ Անգարայի պայթումէն վերջ ոստիկանները կազային ռումբ արձակած էին վիրաւորեալներուն գտնուած մասին վրայ։ “Ոստիկանները ոչ կազային ռումբ արձակեցին, ոչ ալ ջուր սրսկեցին” ըսաւ Վարչապետը։

Պնդողներ կան սակայն որ զանազան լուսանկարներ Վարչապետ Տավուտօղլուին ըսածին ճիշդ հակառակը ցոյց կուտան։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

Անգարայի Բժիշկներու Սենեակը Տեղեկացուց Որ Մեռեալներուն Թիւ 106 Է

Անգարայի Աւագ Դատախազութիւնը հրատարակութեան արգելք հռչակեց Անգարայի պայթումին վերաբերեալ լուրերուն վրայ։ Տակաւին շատ ալ յստակ կերպով յայտնի չէ ինչ է մեռեալներուն թիւը։ Վերջին անգամ 97 ըսուած էր ու որոշ գործակալութիւններ տակաւին կը խօսին նոյն թիւին մասին, մինչ ուրիշներու համաձայն մեռեալներուն թիւը հարիւրը անցաւ։
Դատախազութեան կողմէ հռչակուած արգելքին հետեւանքով փաստաբաններն իսկ թղթածրարներու բովանդակութեան մասին տեղեկութիւն պիտի չկարենան ստանալ ցնոր տնօրինութիւն։

ՄԵՌԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ 106-Ի

Մեռեալներու թիւին մասին նոր տեղեկութիւն տրուեցաւ Անգարայի Բժիշկներու Սենեակէն, որ հրատարակեց լուսաբանութիւն մը յայտնելով որ Անգարայի պայթումի ընթացքին մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 106-ի։ Սենեակը տեղեկացուց որ ուշադրութեամբ կը հետեւին հիւանդանոց բերուածներու ու դարմանումի տակ գտնուողներու պարագաներուն։ Ամենավերջին տուեալներու համաձայն զոհերուն թիւը 106 է։ Վիրաւորեաներուն թիւն ալ՝ 89 է։ Վիրաւորեալներուն քսանը կը գտնուի խտացեալ խնամքի բաժիններու մէջ, իսկ 69ին դարմանումը կը շարունակուի դարմանատուներու մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ