Կ՚երազեմ Անգարայի մէջ տեսնել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը

wpead32966_0a_06Թուրք գրող Քէմալ Եալչըն, որ հայկական հարցի մասին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակած է, այս օրերուն առաջին անգամ ըլլալով Երեւան կը գտնուի։ Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք, որ Հայաստանի մայրաքաղաքի մէջ ներկայացուած էր Եալչընի «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» գիրքը։ Մեծահամբաւ գրագէտը երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց ու անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան հարցին։

Հայկական մամլոյ գործակալութիւններ այս ասուլիսի մասին կը հաղորդեն հետեւեալ տեղեկատուութիւնը.-

«Մեծապէս յուզուեցայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելէ ետք՝ յստակօրէն կը գիտակցիմ որ հայերուն ցաւը նաեւ իմ ցաւս է։ Կը հաւատամ որ օր մը Անգարայի մէջ նոյնպէս պիտի կառուցուի հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը, թուրքերու կողմէ հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, քանի որ Թուրքիա տակաւին չէ ընդունած իր յանցանքը»։ Ահաւասիկ այսպիսի խօսքերով է որ Քէմալ Եալչըն սկսաւ մամլոյ ասուլիսին։

Եալչըն ըսաւ, որ ցեղասպանութեան մասին քանի մը գիրքեր գրած է, բայց գիտէ, որ ատիկա ոչինչ է այն ցաւին դէմ, զոր կը զգայ հայ ժողովուրդը։ «Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ, պէտք է ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, հակառակ պարագային տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ», – ըսաւ Քէմալ Եալչըն։

Ըստ իրեն՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Թուրքիա աշխարհի մէջ մինակ մնացած է՝ կրկնելով 1915-էն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ միշտ հնչեցուած նոյն յանկերգը. «Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն չէ կատարած»։

«Երբ Էրտողան իշխանութեան գլուխ եկաւ, խոստացաւ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայկական հարցը դրական ընթացք մը ունենայ, սակայն ան ալ նոյն ճամբէն քալեց։ Հրանդ Տինքի շնորհիւ 1990-ականներէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականներ սկսան խօսիլ հայոց ցեղասպանութեան մասին, բան մը, որ մինչ այդ Թուրքիոյ մէջ չէր տեսնուած, սակայն մտաւորականները կը հալածուէին, ինչպէս որ պատահեցաւ Տինքի պարագային։ Կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն այս առումով Թուրքիոյ մէջ բաւական դրական փոփոխութիւններ կը նկատուին, մտաւորականներ, արուեստի ներկայացուցիչներ կրնան բացէ ի բաց ներկայացնել իրենց կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան մասինխ, ըսաւ Քէմալ Եալչըն։

Թուրք գրողը այն կարծիքն ունի, որ հայկական հարցի լուծման համար Թուրքիա տարածքային, նիւթական ու մշակութային փոխհատուցում տայ Հայաստանին։ Ըստ իրեն՝ միայն այդ ձեւով կարելի է երկու երկիրներուն միջեւ վերականգնել բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը։ «Եղբայրութեան ձգտող ժողովուրդի համար խաղաղութիւնը ամէն ինչէ կարեւոր է, եւ ես կը կարծեմ, որ հայկական հարցին պէտք է տալ այնպիսի լուծում մը, ինչպէս որ կ՚ուզեն հայերը», – նշեց թուրք գրողը։

Քէմալ Եալչըն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն ու մեղադրեց Թուրքիան՝ նշելով, որ Թուրքիա ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի։ «Իբրեւ մտաւորական՝ կը փափաքիմ, որ ազերիներուն ու հայերուն միջեւ խաղաղութիւն ըլլայ։ Թուրքիա մնայուն կերպով պատերազմ կը հրահրէ, Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ։ Կը դատապարտեմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու նմանօրինակ գործելաոճը. կարելի չէ պատերազմ հրահրել տարածքաշրջանին մէջ», – ըսաւ Քէմալ Եալչըն։

Թուրք գրողը ըսաւ, որ ինք տեղեակ է, որ Հայաստան գալէ ետք կրնայ Ատրպէյճան երթալու առումով հարցեր ունենալ, սակայն կը կարծէ, որ Ատրպէյճան, մարդոց դէմ նմանօրինակ արգելքներ դնելով, ոչ մէկ տեղ կը հասնի։

Եալչըն խօսեցաւ նաեւ մշակութային հարցերու մասին։ Դիտել տուաւ, որ Երեւան մշակոյթի ու արուեստի քաղաք է, ինչ որ կը փաստէ, թէ հայ ազգը բարձրարժէք մշակոյթ մը ստեղծած է։ «Առաջին անգամ է, որ Հայաստան կ՚այցելեմ ու հիացած եմ Երեւանի գեղեցկութեան, յուշարձաններու բազմազանութեան, փողոցներու ու թաղամասերու անուններու վրայ։ Հայաստան գալէ ետք առաւել եւս սկսայ սիրել հայերը։ Պէտք է դիմել ԻՒՆԷՍՔՕ-ին, որպէսզի Երեւան հռչակուի մշակոյթի ու արուեստի քաղաք։ Ցնցուած եմ Երեւանի մէջ Կիլիկիոյ հայկական շրջաններու անուններով թաղերը տեսնելով, Օղակաձեւ այգիէն հետիոտն քալեցի մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ ամէն քառակուսի մեթրի վրայ արուեստի գործիչներու եւ այլ բնագաւառներու յայտնի մարդոց արձանները տեսայ։ Այսպիսի բան, ըստ բնակչութեան թիւին, աշխարհի մէջ շատ քիչ քաղաքներէ ներս կարելի է հանդիպիլ։ Զիս շատ զարմացուց նաեւ մէթրոյի կայանի անունը՝ Բարեկամութիւն, որովհետեւ այսպիսի անուններ շատ բան կ՚ըսեն տուեալ ազգի մասին։ Երեւանի մէջ բոլոր փողոցներուն, դպրոցներուն անունները մշակոյթի գործիչներու անունով են, նման բան չկայ Թուրքիոյ մէջ։ Թրքական դրամի վրայ պատկերուած է Աթաթիւրքի պատկերը, իսկ հայկական դրամին վրայ՝ Չարենցի ու Թումանեանի», – եզրակացուց յայտնի գրագէտը։

http://www.normarmara.com/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ