Նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի ահաբեկչութեան արժեւորումը կատարեց

Մարմարա«Դուք բռնապե՞տ էք» Էրտողանին հարցուց օտար լրագրող մը

Նախագահ Էրդողան երէկ պաշտօնակից մը հիւրընկալեց Անգարայի իր նստավայրին մէջ։ Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա ժամանած էր Ֆինլանդայի Նախագահ Սաուլի Նիինիսթէօ, որու հետ գլուխ գլխի տեսակցելէ ետք սարքուեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, եւ թուրք ու օդար լրագրողներ առիթն ունեցան Նախագահի յայտարարութիւնները լսելու օրակարգի կարեւոր հարցերու մասին։

Նախագահ Էրտողան 10 Հոկտեմբերի Անգարայի ահաբեկչութեան օրը կադարած յայտարարութենէն երեք օր վերջ անգամ մը եւս անդրադարձաւ ծանր դէպքին ու ըսաւ, որ կատարուածը ոչ թէ շրջանակ մը թիրախ ընտրած էր, այլ ամբողջ Թուրքիան ու Թուրքիոյ բոլոր հայրենակիցները։ «Այս յարձակումը Թուրքիոյ դէմ կատարուած է, խորապէս ցնցուեցանք, որովհետեւ անընդունելի է ահաբեկչութիւն իրականացնել հաւաքականութեան մը դէմ, որ հաշտութեան համար հաւաքուած է, որ հաւաքուած է ժողովրդավար իրաւունքները գործածելու նպատակով», նշեց Էրտողան ու շեշտեց, որ ինք բացէ ի բաց կը պնդէ, որ որ բոլոր անոնք, որոնք ահաբեկչութեան դէմ երկակի չափանիշներ կը գործածեն, զօրակցած կը նկատուին ահաբեկչութեան։

Ասուլիսի ընթացքին ուշագրաւ հարցում մը ուղղուեցաւ օտար լրագրողի մը կողմէ։ «Ժողովուրդը կը վախնայ ձեզմէ։ Դուք բռնապե՞տ էք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին», – հարցուց լրագրողը։ Նախագահ Էրտողան մեծ պաղարիւնութեամբ պատասխանեց ու ըսաւ, որ բռնատիրական երկրի մը մէջ անկարելի է, որ այսպիսի հարցում մը ուղղուի։ «Բռնատիրական երկրի մը մէջ անկարելի է, որ այդ երկրի նախագահի կամ վարչապետի ընտանիքն ալ ներառեալ, անսահման անարգանք կատարուի։ Ներկայիս մեր երկրի մէջ կը գործէ ժողովրդավար խորհրդարանական վարչաձեւ մը, ու արտայայտութեան ազատութիւն կայ։ Մեր երկիրը ժողովրդավարութեան ու խօսքի ազատութեան տեսակէտէ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ է Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներու բաղդատմամբ։ Թուրքիոյ մէջ տպագրական ու տեսողական մէտիան, ընկերային ցանցերը իմ անձիս, կնոջս, զաւակներուս հասցէին ամէն տեսակ անարգանքներ կ՚ընեն։ Մենք միշտ համբերութեամբ ու հասկացողութեամբ դիմաւորեցինք այդպիսի քայլերը», – յայտարարեց Էրտողան։ Շարունակելով իր խօսքերը՝ նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ ինք տարի մը առաջ նախագահ ընտրուած էր ժողովուրդի 52 առ քուէներով։ «Արդեօք ովքե՞ր են, որ բռնապետ կը կոչեն անձ մը, որ ընտրուած է ժողովուրդի 52 տոկոս քուէներով։ Արդեօք զիս բռնապետ անուանողները իրենց ներքին խաղե՞րը ունէին։ Իրենց ուզածին պէս կառավարութիւն կը կազմէին ու ուզածի պէս կառավարութիւնը կը լուծէին։ Այդպիսի շրջանակներ դուրսէն «կը սնանին» ու կը ջանան ջլադել, մաշեցնել մեր երկիրը», եզրակացուց Էրտողան։

15 հոկտեմբեր 2015, հինգշաբթի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ