«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Թուրքիան պէտք է որպէս նախաձեռնող երկիր հանդէս գայ եւ կարեւոր զիջումներ կատարէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար»,- «Արեւելք»ին ըսաւ թուրք բեմադրիչ եւ մտաւորական Մէսութ Թուֆան:
Թուֆան, որ Երեւան կը գտնուի, ներկայ ըլլալլու Տիգրան Պասկեւիչեանի եւ Արա Շիրինեանի համահեղինակած «Փակ սահմաններու երկխօսութիւնը» ֆիլմին (որուն պատրաստութեան առընթեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է) նաեւ ըսաւ, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ հասարակութեան տարբեր խաւերուն մօտ Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ կարեւոր տեղաշարժ արձանագրուած է: Թուրք գործիչը, պատասխանելով մեր հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի հայազգի մտաւորական Էթիէն Մահչուպեանի այն մօտեցումին, ըստ որուն Թուրքիոյ մէջ հայկական հարց գոյութիւն չունի, այլ կայ քրտական հարց, ըսաւ.- «Թուրքիոյ մէջ հայկական հարց, անշուշտ կայ, բայցեւայնպէս բոլորս կը գիտակցինք, որ քրտական հարցը այսօր բաւական բարդ հանգրուանի մը մէջ է, բայց անոր արմատները հայկական խնդրին մէջ են»: Անոր կարծիքով, Թուրքիա այսօր ինքնութեան տագնապ մը կ’ապրի, որովհետեւ անոր տարածքներուն վրայ ապրող քիւրտերը եւ տարբեր էթնիք խմբաւորումներ, ինչպիսիք են` հայերը, ասորիները եւ այլ ցեղեր, իրենց ամբողջական ինքնութեամբ ապրելու լուրջ խնդիրներ ունին: «Օրինակի համար, այսօր Թուրքիա ապրող քիւրտերը երկրի բոլոր բարիքներէն կ’օգտուին, բայցեւայնպէս, որպէս քիւրտ, ապրելու լուրջ խնդիր ունին»: Թուֆան յայտնեց, որ յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն առընթեր երկիրը կը դիմագրաւէ բաւական լուրջ մարտահրաւէր, եւ այս առումով Թուրքիոյ կառավարութեան ունեցած վատ դերակատարութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, իր ազդեցութիւնները կ’ունենայ ամբողջ երկրին վրայ: «Մեզի համար շատ մտահոգիչ է երկրի արեւելեան նահանգներուն մէջ տիրող իրավիճակը, եւ այս առումով շատ հարցական է, թէ արդեօ՞ք երկիրը պիտի կարողանայ անցնցում ընտրութիւններ կայացնել»: Մեր խօսակիցը ըսաւ, որ եթէ ընտրութիւնները առանց ցնցումներու եւ առանց կեղծիքների կայանան, ապա շատ հաւանական է, որ HDP կուսակցութիւնը նոյնպէս հատէ 10 առ 100 շեմը եւ իր` 7 Յունիսին արձանագրած արդիւնքներէն աւելի փայլուն ձեռքբերումներ ունենայ: Թուֆան նշեց, որ յատկապէս պատերազմական շրջաններուն մէջ HDP-ին ի նպաստ քուէարկողներու մեծ զանգուածներ կան: Ան, բաւական մտահոգիչ համարելով իրավիճակը, ըսաւ, որ «Այսօր Թուրքիոյ մէջ խաղը բաց է, որեւէ վտանգաւոր զարգացում եւ երկիրը կրնայ պատերազմի երթալ»:
Arevelk.am
Leave a Reply