Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութեան հալածանքը կը շարունակուի

PolisԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան անդամներու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին:

Թրքական «Ռատիքալ» թերթը գրած է, որ հոկտեմբեր 2ին Թուրքիոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան կողմէ ձերբակալուած 51 «կասկածելի»ներուն շարքին կան քրտամէտ կուսակցութեան նահանգային եւ շրջանային կառոյցներու ղեկավարներ: Ձերբակալուածներէն 25ը վկայութիւն տալէ ետք՝ ազատ արձակուած է, իսկ 26ը՝ բանտարկուած:

Վերջիններս կ՛ամբաստանուին «զինուած խմբաւորման անդամակցելու» կամ «պետութեան միասնականութեան եւ երկրի ամբողջականութեան սպառնալու» յանցանքներով։

Ձերբակալութեանց արշաւը շարունակուած է հոկտեմբեր 6ին, երբ առնուազն 20 «կասկածելի»ներ կալանաւորուած են Անգարայի տարածքին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ