ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵԵՈՒԹԻՒՆԸ 111 ՄԻԼԻՈՆ ԼԻՐԱ ՊԷԵՔ Է ՎՃԱՐԷ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Շիշլիի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մերձակայ հողամասերը 1971-ին ապասեփականացուած էին, բայց փոխարժէքը չէր վճարուած

“Սապահ” այսօր կը հրատարակէ զգայացունց լուր մը, ըստ որու Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարած է Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան դէմ, պահանջելով որ վճարուի Շիշլիի ամէնէն բանուկ հրապարակին վրայ 45 տարի առաջ ապասեփականացուած 4 հազար 474 մեթր քառակուսի հողամասին փոխարժէքը։ Այս հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ։ Դատարանը վերջապէս վճռած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի ի նպաստ ու որոշած է որ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը Հայ Կաթողիկէ Համայնքին վճարէ 111 միլիոն 850 հազար լիրա ու այս գումարին երկու տարուան տոկոսը։

Պատմութիւնը կ’երթայ մինչեւ 1971։ Այդ թուականին Քաղաքապետութիւնը ապասեփականացուցած ու գրաւած էր 4 հազար 474 մթր քառակուսի տարածութեամբ հողամասը, որուն վրայ կառուցուեցան առեւտրական կեդրոններ ու մէթրոպիւս գացող ստորեկրեայ ճամբաներ (Այն հողամասը ուր հիմա Ճէվահիր առեւտուրի կեդրոնը կայ)։ Մայր Քաղաքապետութիւնը այս հողամասը գրաւելով հանդերձ անոր փոխարժէքը չէր վճարած։ Հոգաբարձութիւնը դատ բացած էր այս բռնագրաւումին դէմ։ Դատարանը երկու տարի առաջ որոշեց որ բռնագրաւուած հողամասը թափուի մէջ արձանագրուի Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի անուան։ Բայց որովհետեւ հոն կառուցուած շինութիւններու հետեւանքով կարելի պիտի չըլլար հողամասը վերադարձնել, Հոգաբարձութիւնը պահանջած էր հողամասին փոխարժէքը։ Դատարանը ընդունեց դիմումը ու որոշեց որ Մայր Քաղաքապետութիւնը վճարէ վերոյիշեալ գումարը։

Որոշումը հիմա պիտի երթայ Վճռաբեկ Ատեան եւ եթէ հոնկէ ալ վաւերացուի, Հայ Կաթողիկէ Համայնքը պէտք է ստանայ այս պատկառելի գումարը։

ԸՇԻԵ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԸ ԱԶԱԵ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍԵԱՆ ԱՆՑԱՆ

Հայաստանի “Արեւելք” թերթը հաղորդեց թէ 19 Սեպտեմբերին Հալէպ-Պէյրութ մայրուղիին վրայ ԸՇԻԵ-ի կողմէ առեւանգուած հայր ու զաւակ Գէորգ ու Ճորճ-Սարգիս Չափարեանները ԸՇԻԵ-ի կողմէ ազատ արձակուեցան ու կրցան Հայաստան անցնիլ։

Չափարեանները Հալէպէն կը հեռանային Պէյրութի ճամբով Հայաստան անցնելու նպատակով, բայց ճամբուն վրայ առեւանգուեցան։ ԸՇԻԵ զանազան ազդու անձերու ու հաստատութիւններու միջամտութեան վրայ որոշեց ազատ արձակել երկու հայերը ու առեւանգեալները 2 Հոկտեմբերին կրցան Երեւան հասնիլ։

Այս առիթով դիտել կը տրուի որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի սկսելէն առաջ Հալէպի ու Ալ Հասէքէի շրջաններուն մէջ հարիւր հազար հայեր կ’ապրէին։ Պատերազմին սկսելէն ասդին անոնցմէ 10 հազարը հեռացաւ Սուրիայէն։

ԱՀՄԷԵ ՀԱՔԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Վեց ուրիշ կասկածելիներ ազատ արձակուեցան

Լրագրող Ահմէտ Հաքանի վրայ կատարուած յարձակումը կը շարունակէ զբաղեցնել հանրային կարծիքն ու քաղաքական շրջանակները։ Եակաւին ամէն կողմէ կը բարձրանան Ահմէտ Հաքանի հետ զօրակցութեան ձայներ։ Շաբաթ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը որու ընթացքին մասնակիցները պարզած էին հսկայ վերտառութիւն մը, վրան՝ “Կարելի չէ լռեցնել ազատ մամուլը”, գրուած։

Դարձեալ յայտնուեցան քաղաքագէտներ որոնք պաշտպանեցին Ահմէտ Հաքանը ու դիտել տուին որ աններելի ու անընդունելի են լրագրողներու վրայ կատարուած յարձակումները։

Այնուհանդերձ մամուլի մէջ հոսկէ հոնկէ հրատարակուեցան վերապահութիւններ այն մասին թէ Ահմէտ Հաքանի վրայ գործուած յարձակումը այժմ կը շահագործուի քաղաքական շրջանակներու կողմէ։ Անոնց լեզուին տակ կայ այն վերապահութիւնը թէ ոչ մէկը այս յարձակումին այսքան կարեւորութիւն պիտի տար եթէ Ահմէտ Հաքան ազդեցիկ թերթի մը ու հեռատեսիլի ազդեցիկ կայանի մը լրագրողը չըլլար։ Ոմանք ալ թերեւս հարց կուտային թէ որքա՞ն ճիշդ է ըսել որ լրագրողներու վրայ գործուած յարձակումը անընդունելի է, այն տպաւորութիւնը թողլով որ ուրիշներու վրայ գործուած յարձակումները ընդունելի են։

Եթէ մէկդի ընենք այն տեսակէտը թէ նմանօրինակ ուժեղ զօրակցութիւններ դժբախտաբար բնաւ ալ արգելք չեն եղած ուրիշ նոր յարձակումներու, կարելի է ըսել որ զօրակցութիւնը միշտ իմաստ մը ունի տուժածներու պաշտպանութեան ու մխիթարութեան տեսակէտէ։

ՄԷԿ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Հաղորդուած էր որ Ահմէտ Հաքանի վրայ գործուած յարձակումի կապակցութեամբ հսկողութեան տակ առնուած ու հարցաքննութեան ենթարկուած էին չորս կասկածելիներ։ Ասոնցմէ երեքը Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան անդամներ էին, ուստի անոնք պիտի վտարուին կուսակցութեան անդամակցութենէն։ Կասկածելիները դատարան յանձնուեցան ու այս առթիւ երեւան ելաւ որ այս կապակցութեամբ հսկողութեան տակ առնուածները չորս չէին, եօթը հոգի էին։ Եօթը կասկածելիները դատարան յանձնուեցան որպէսզի անոնց մասին ձերբակալութեան որոշում ընդունուի, բայց դատարանը, կասկածելիները 3,5 ժամ հարցաքննութեան ենթարկելէ ետք անոնցմէ միայն մէկուն՝ Ահմէտ Շէնկիւլէրի մասին ձերբակալութեան որոշում ընդունեց։ Այս վերջինը ամբաստանուեցաւ դիտումնաւոր կերպով մարդ վիրաւորելու յանցանքով։ Միւսերը առ այժմ դատարանին կողմէ ազատ արձակուեցան պայմանաւ որ ամէն օր ոստիկանատուն երթան ու ստորագրութիւն տան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ