ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան տեղեկացումով՝ Պոլսոյ մէջ հոկտեմբեր 1ին բացուած է «Այվազովսքիի Պոլիս» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն համար ձեռք բերուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու թանգարաններուն եւ ցուցասրահներուն մէջ գտնուող 400 ստեղծագործութիւններու թուային կրկնօրինակները ցուցադրելու իրաւունքը:
Կը նշուի, որ Յովհաննէս Այվազովսքի 8 անգամ այցելած է Օսմանեան կայսրութիւն, եւ Պոլիսը նկարող մօտաւորապէս 200 կտաւ ունի:
Նշենք, որ թրքական ցուցահանդէսին մէջ չէ նշուած Այվազովսքիի հայ ըլլալու հանգամանքը:
Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200ամեակի նախաշեմին, նման ցուցահանդէսներ նախատեսուած են նաեւ այլ քաղաքներու մէջ: Արդարեւ, ցուցահանդէս մը պիտի սկսի հոկտեմբեր 15ին, Նիւ Եորքի մէջ, իսկ Երեւանի մէջ՝ հոկտեմբեր 24ին։ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ եւս ցուցահանդէս մը պիտի կայանայ 2016ին:
Լուսանկարում` Ստամբուլի Դոլմա Բահչե սուլթանական պալատում ցուցադրվող Այվազովսկու կտավներից մեկը: Լուսանկարը` Akunq.net-ի:
Asbarez.com
Leave a Reply