Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս շաբաթ` 19 սեպտեմբերին բոցավառուեցաւ Մուսալեռ յուշահամալիրին մէջ կառուցուած թոնիրը՝ ոգեշնչելով մուսալեռցի նոր սերունդի ներկայացուցիչները եւ յիշատակներ արթնցնելով տարեց սերունդին մէջ։
100-ամեակը ոգեկոչող բազմաթիւ ձեռնարկներու կողքին՝ համալիրին մէջ թոնիրի, պաթուզի եւ սանտակի կառուցումը նպատակ ունի նոր սերունդը հաղորդակից դարձնելու իրենց նախնիներու կենցաղին։
Թոնիրը Մուսա Լեռի մէջ միշտ եղած է գետնէն բարձր՝ հաշուի առնելով եղանակին ո՛չ ցուրտ ըլլալը, երբ անհրաժեշտ չէ զայն գետնի տակ ընելու, որպէսզի աւելի տաք մնայ եւ հասցնէ պատրաստուած խմորը եփելու։
Պաթուզը ցոյց կու տայ, որ Մուսա Լեռի մէջ շատ եղած են ձիթենիները, եւ ձէթ պատրաստելու համար անիկա անհրաժեշտ եղած է բնակչութեան համար։ Պաթուզը նաեւ օգտագործուած է խաշած ցորենը ձաւարի վերածելու համար։
Սանտակը օգտագործուած է ցորենին թեփը առանձնացնելու, որպէսզի անիկա արդէն պատրաստ ըլլայ ճաշատեսակներու պատրաստութեան համար։
Պաթուզի, թոնիրի եւ սանտակի կառուցումը, որ մտայղացումն է Պրն. Գաբրիէլ Փանոսեանի, Մուսա Լերան յուշահամալիրին մէջ իրականացած է Սարդարապատ թանգարանի տնօրէնութեան՝ յանձինս տնօրէն Պրն. Կարէն Արիստակէսեանի արտօնութեամբ։ Անոնց հովանաւորութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Վարդենի Պիտանեանները՝ յարգելով իրենց ծնողքին՝ Մարտիրոս եւ Սիմա Պիտանեաններու յիշատակը։ Պարոն Պիտանեանը պաթուզի, թոնիրի եւ սանտակի հովանաւորութիւնը յանձն առած է՝ տեսնելով Մուսա Լեռ թանգարանին մէջ տեղադրուած իր հօր լուսանկարը պաթուզի կողքին։ Սեպտեմբեր 19-ին թոնիրը առաջին անգամ բոցավառած է Պարոն Պիտանեանը, այնուհետեւ պատրաստուած է աւանդական թոնիրի հացը եւ հիւրասիրուած ներկաները, իսկ տարին խորհրդանշող հերիսայի 100 կաթսաներուն կրակը բոցավառուած է թոնիրի կրակով, որ դէպի կաթսաներ փոխադրած են մուսալեռցի տարեց, երիտասարդ եւ պատանի սերունդներու ներկայացուցիչներ։
Մուսա Լեռ յուշահամալիրին մէջ կառուցուած թոնիրը կու գայ փաստելու, որ մուսալեռցիի օճախը միշտ եղած է տաք եւ իր ջերմութիւնը պիտի շարունակէ յաջորդ 100-ամեակներուն եւս։
http://www.yerakouyn.com/?p=90459
Leave a Reply