Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը՝ տեղքայլի մէջ

Սեւակ ՊալըքճըՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, 24 ապրիլ թուականով իր ընկերոջ կողմէ սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակէ ձգձգուիլ։ Արդիւնք չկայ, որովհետեւ դատարանին պահանջած փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները տակաւին չեն հասած։

Դատական կազմը արդէն իսկ փոխուած է, ուստի սեպտեմբեր 29ի նիստին ընթացքին հին ատենագրութիւնները կարդացուեցան։ Յայտնի դարձաւ, որ դատարանին կողմէ պահանջուած կարգ մը մասնագիտական տեղեկագիրներ տակաւին տեղ չեն հասած։ Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքի փաստաբանը պահանջեց, որ պակասները ժամ առաջ ամբողջացուին։ Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ դեկտեմբեր 22ին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ