Տաւութօղլու հայկական սփիւռքին դէմ պայքարը կը քաջալերէ

Turkey's Prime Minister Ahmet Davutoglu speaks during a news conference in AnkaraԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի 70րդ նստաշրջանի նիստերուն մասնակցելու զուգահեռ, հանդիպում ունեցած է թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ըստ «Ակօս»ի՝ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Տաւութօղլու հերթական անգամ հակահայ ելոյթով հանդէս եկած է:

Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Ամերիկայի թուրք քաղաքացիներուն՝ ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին դէմ իրենց առած քայլերուն համար՝ Տաւութօղլու շեշտած է. «Դուք ականատես եղաք, թէ Թուրքիոյ մասին վատ լուրեր տարածելու եւ բացասական ընկալում ստեղծելու համար որքա՛ն ջանքեր գործադրուեցան: Այդ իսկ պատճառով, մենք ձեզմէ կ՛ակնկալենք, որ հայկական, հրէական, յունական եւ այլ լոպիներուն դէմ ձեր մղած պայքարին մէջ ձեր գլուխները բարձր պահէք եւ Թուրքիոյ շահերը պաշտպանէք։ Մենք կ՛ուզենք, որ դուք պաշտպանէք մեր սուրբ ազգը, որ Չանաքքալէի (Կալիփոլի) պատերազմէն ի վեր, բազում զոհողութիւններ ըրած է ազատութեան եւ ապագային համար»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ