Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի արուեստագէտ զաւակը՝ Ներսէս Յունանեան

Ներսէս ՅունանեանԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ

Տարածեցին մեզ աշխարհով մէկ, կործանել ուզեցին մեր պապենական հայրենիքը, ու մինչեւ այսօր գազանաբարոյ թուրքի ձեռքով ոչ միայն սրբութիւններ կ՛անարգուին, այլ հողին կը հաւասարեցուին մեր ստեղծագործ միտքի արգասիքը հանդիսացող ազգային ժառանգութիւնը, մեր հոգեւոր եւ պատմամշակութային գանձերը:

Վերապրեցանք կործանարար փոթորիկը, ուշքի եկանք եւ ուր որ ալ մեզ նետեց ճակատագիրը, կրցանք ոտքի կանգնիլ եւ նոր կեանք սկսիլ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած առաջին սերունդին կը պատկանի Ներսէս Յունանեան, որուն ընտանիքը կրցաւ ճողոպրիլ ահաւոր կոտորածէն եւ իր շունչը առնել անծանօթ եւ հեռաւոր, սակայն հիւրընկալ Ուրուկուէյի ափերը: Ներսէս հազիւ ութ տարեկան էր, երբ 1932ին, հազար ու մէկ դժուրութիւններ դիմագրաւած Յունանեաններու ընտանիքը կը տեղաւորուի եւ կամաց-կամաց կը սկսի ընտելանալու բոլորովին անծանօթ երկիրին եւ անոր մշակոյթին:

Բնատուր տաղանդով օժտուած փոքրիկն Ներսէս Յունանեանի համար, որուն ընտանիքը շատ համեստ պայմաններու տակ կը գտնուէր, պայքարի նոր ասպարէզ կը բացուի, մեծ դժուարութիւններով կը յաջողի արուեստից ուսումնարանը աւարտել մեծագոյն գնահատանքներով:

Ինչպէս գրեթէ բոլոր արուեստագէտներուն կը պատահի, Ներսէսն ալ ապրեցաւ դառնութիւնը իր կենդանութեան ընթացքին, չկարենալով վաստկիլ իր ստեղծագործութիւնները վաճառելու հնարաւորութենէն եւ հազիւ կարողացաւ երկու ցուցահանդէսներ կազմակերպել:

Ճակատագիրն ու կեանքը դաժան եղան Ներսէսի հանդէպ, քանի որ անողոք հիւանդութիւն մը զինք զգետնեց, երբ հազիւ լրացուցած էր իր 33 տարիները:

Վաղամեռիկ արուեստագէտը, որ մահացաւ 1957ին, իր կտաւներով եւ իր քանդակներով կարողացաւ ճամբայ բանալ նորարար իր տաղանդին շնորհիւ եւ այսօր ան Ուրուկուէյի մշակութային ոլորտին մէջ մեծ յարգանք վայելող արուեստագէտ մըն է: Իր «Մայրութիւն» կոչուող հսկայ պղնձաձոյլ արձանը կը մարմնաւորէ հայոց Մեծ Եղեռնի յուշակոթողը մեր գաղութին մէջ, իսկ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետութիւնն ալ զայն անմահացուց, քանի որ իր անունով փողոց մը գոյութիւն ունի մեր մայրաքաղաքին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս, Մոնթեվիտէոյի Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ներսէս Յունանեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, որ երկիրիս կերպարուեստի թանգարանի մէջ կը գտնուի, բաց պիտի մնայ հասարակութեան առջեւ մինչեւ Հոկտեմբեր 4:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ