Տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի 6-րդ նիստը

Պետական Յանձնախումբի 6-րդ ՆիստըԿառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի 6-րդ նիստը, զոր վարեց յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նիստը հրաւիրուած էր ընդլայնուած կազմով. պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ էին շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, մասնագէտներ:

Օրակարգի հարցերու քննարկումին անցնելէ առաջ նիստին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յանձնախումբի անդամ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահը տեղեկացուց յանձնաժողովի անդամները, որ ի նշանաւորումն Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի երկնային ճանապարհին, նկատի առնելով անոր հսկայածաւալ ազգանուէր գործունէութիւնը` հրամանագիր ստորագրած է զայն յետմահու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Շքանշանը յանձնուած է յանձնաժողովի նոր անդամ, Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոմ պատրիարքին:

Նիստի օրակարգի հարցերու շարքին յանձնաժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքն ու յառաջիկայ անելիքները, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, լսեց` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային ֆորումի մասին զեկուցումը, քննարկեց նաեւ կազմակերպչական հարցեր:

Նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումները ամփոփելով` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ նկատելի է հետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական հանդիպումներու մնայուն հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Յանձնաժողովը քննարկած եւ միաձայնութեամբ ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը:

Օրակարգի երկրորդ հարցին` Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ նախագահը նշեց, որ խորապէս մտահոգուած է յատկապէս Սուրիոյ մէջ շարունակուող բախումներով եւ օրէ օր վատթարացող իրավիճակով:

Օրակարգի երրորդ հարցին հետ կապուած զեկուցումներ ներկայացուեցան 22 եւ 23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» ֆորումի արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Յաջորդիւ կու տանք նիստին ընթացքին արտասանուած ուղերձները:

http://www.aztagdaily.com/archives/260820

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ